«Մետիա» Դպրոց Սուրիահայ Երեխաներու Համար

Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոնը (նախկին Ինթերնիւս)  կը կազմակերպէ ամառնային մետիա դպրոց Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած  դպրոցականներուն համար:

Մասնակիցները կը ծանօթանան լրագրութեան հիմունքներուն, կը սորվին ստեղծել լրագրողական պատմութիւններ` օգտագործելով մետիա գործիքներ, նաեւ` քննադատաբար ընկալել եւ վերլուծել տարբեր լրատուամիջոցներով իրենց հասնող տեղեկատուութիւնը:

Դպրոցը պիտի իրականացուի  2014թ-ի յուլիս 1-5 Երեւանի մէջ` Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոնին մէջ:

Կրնան  մասնակցիլ 14-18 տարեկան այն դպրոցականները, որոնք հետաքրքրուած են լրագրութեամբ եւ մետիա կրթութեամբ:

Մասնակցութեան համար անհրաժեշտ է մինչեւ 2014թ-ի յունիս 25 լրացնել յայտը:

Մետիա դպրոցը կը տեւէ մէկ շաբաթ, առաւօտեան 11:00-17:00: Դասերը կ’իրականացուին ինթերաքթիւ միջոցներով եւ հիմնուած պիտի ըլլան գործնական աշխատանքի վրայ: Մասնակիցները ապահովուած պիտի ըլլան անհրաժեշտ սարքաւորումներով` համակարգիչներ, փոքր տեսախցիկներ, համակարգչային ծրագիրներ եւ այլն:

Մասնակցութիւնը դպրոցին անվճար է: Դասերու եւ բանաւոր հաղորդակցման լեզուն հայերէնն է, գործնական աշխատանքներու պարագային կարելի է նաեւ օգտագործել արեւմտահայերէն կամ օտար լեզու:

Ստացուած յայտերու հիման վրայ պիտի ընտրուին մինչեւ 15 մասնակից եւ անոնց հետ կ’իրականացուին նախնական հարցազրոյցներ:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն, Նարինէ Սաֆարեան, 010 58 36 20,  055 89 57 00, nsafaryan@mediainitiatives.am
Երեւան, Արշակունեաց 3, 3-րդ յարկ, media.am; mediainitiatives.am:

Մետիա դպրոցը  կը կազմակերպուի Ժողովրդավարութեան աջակցութեան եւրոպական հիմնադրամի աջակցութեամբ:

media.am

Scroll Up