Համացանցի մէջ տարածուած է աւերակ Հալէպի մասին տեսանիւթ

Համացանցի մէջ տարածուած է հայաշատ Հալէպի մասին տեսանիւթ, ուր ցուցադրուող տեսարաններու մէջ կ’երեւին քաղաքի աւերակ ու ամայի թաղամասերը: Armenpress-ի փոխանցմամբ` այսպիսին է երբեմնի աշխոյժ ու մարդաշատ քաղաքը:

Հալէպը կը համարուէր Սուրիոյ ամենամեծ հայկական գաղութ ունեցող քաղաքը: Նախքան սուրիական ճգնաժամը, տարբեր գնահատականներով, այնտեղ կը բնակէին 40-60 հազար հայ: Դամասկոսէն 360 քմ հիւսիս գտնուող Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաք համարուող Հալէպը 2012թ. ամրան յայտնուած է կառավարական ուժերու եւ զինուած տասնեակ խմբաւորումներու բախումներու թիրախին, եւ մինչ այսօր մարտերը կը շարունակուին: Քաղաքը բաժանուած է երկու մասի` արեւելեան հատուածները կը գտնուին զինուած տասնեակ խմբաւորումներու, իսկ արեւմտեան թաղամասերը սուրիական կառավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ:

ՄԱԿ-ի տուեալներով` Սուրիոյ մէջ մօտ 4 տարի շարունակուող բախումներու հետեւանքով զոհերու թիւը անցած է 220 հազարը: Զոհուած հայերու թիւը գերազանցած է 100-ը:

Scroll Up