Քեսապահայերու Խնդիրներու Շուրջ

Ապրիլ 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեանի հրաւէրով ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն այցելեց Հայաստանի մէջ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Սարա Էպրեխտը:

Հանդիպման ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան տիկին Ս. Էպրեխտին ներկայացուց Քեսապի հայութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Նախարարը ընդգծեց, որ 38 ծեր ու անկարող մարդիկ, որոնք ի վիճակի չեղան փախչելու, պատանդ  վերցուած են: Անոնցմէ 22-ը այս պահուն կը գտնուին Թուրքիոյ միակ հայկական Վաքըֆ գիւղին մէջ:

Տիկին Յակոբեան նշեց, որ ըստ հաւաստի տեղեկութիւններու` անոնք կը խնդրեն իրենց տեղափոխել Թուրքիայէն, որպէսզի միանան իրենց հարազատներուն:

Հրանոյշ Յակոբեան ԿԽՄԿ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավարին խնդրեց` օգտագործելով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի լիազօրութիւնը, ձեռնարկել միջոցներ` Վաքըֆի մէջ ապաստանած հայերու տեղափոխումը կազմակերպելու համար:

Ս. Էպրեխտը շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարի պաշտօնակատարին իրավիճակին ծանօթացնելու համար եւ պատրաստակամութիւն դրսեւորեց խնդրոյ առարկայի մասին անմիջապէս տեղեկացնել իր ղեկավարութեան` յոյս յայտնելով, որ խնդրանքը անարձագանք չի մնար:

 

Scroll Up