Հալէպի Մէջ Եւս 5 Հայ Վիրաւորուած Է

Հալէպի հայկական Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ յունիս 1-3 պայթիւնի հետեւանքով հայեր վիրաւորուած են: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ը տեղեկացաւ Հալէպի լրատուական գրասենեակէն: Վիրաւորներու անուններն են` Մարիա Խաչերեան-Չիլինկիրեան, Լեւոն Չերչեան, Թալի Մինասեան, Անի Մահսերջեան եւ Յովսէփ Դէմիրճեան:

Բարեբախտաբար, անոնց վիճակը մտահոգիչ չէ: Յունիս 5-ին Նոր Գիւղ 2 հրթիռ ինկած է, որոնք բարեբախտաբար, չեն պայթած:

Յունիսի առաջին օրերուն սկսած` Հալէպի մէջ եւ, մասնաւորապէս, հայկական Նոր գիւղ թաղամասին մէջ իրավիճակը կտրուկ վատացած է: Ահաբեկիչ խմբաւորումները, որոնց կարեւոր մասը թուրք կամ թրքամէտ արմատական ահաբեկչական խումբերն են, տարբեր տեսակի կործանարար հրթիռներ եւ հրասանդներ  տեղացուցած են: Հայկական Նոր գիւղ թաղամասին մէջ ինկած հրթիռները, մարդկային վնասներէն բացի, նիւթական սարսափելի վնասներ  պատճառած են: Նոր գիւղին մէջ մեծաթիւ բնակարաններ բոլորովին անբնակելի  դարձած են, իսկ հարիւրաւոր բնակարաններ նորոգելու կարիքը ունին: Երբեմնի հայաշատ Նոր գիւղ թաղամասն այսօր աղէտի շրջան է, ամայացած ու աւերակ:

Կոչ  ուղղուած է համայն հայութեան` բոլոր միջոցներով սատար կանգնելու ի
նպաստ անմարդկային հրթիռաձգութեան կասեցման` յանուն աղէտահար ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութեան ապահովման:

ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան մեկնաբանած է վերջին օրերուն
Հալէպի մէջ  ստեղծուած իրավիճակը: Ան յայտարարած է. «Խստօրէն դատապարտում ենք վերջին օրերին Հալէպ քաղաքի, հայաբնակ Նոր Գիւղ թաղամասի ռմբակոծութիւնները, որոնք մարդկային զոհերի եւ աւերածութիւնների պատճառ են դարձել: Համոզուած ենք, որ սիրիական ճգնաժամի հանգուցալուծման առաջընթացի գլխաւոր նախապայմանը բռնութիւնների անհապապաղ դադարեցումն է»:

armenpress.am

Scroll Up