Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց ՀԲԸՄ Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Պերճ Թերզեանը

Մայիս 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀԲԸՄ Եգիպտոսի շրջանային վարչութեան ատենապետ Պերճ Թերզեանը:

Պերճ Թերզեանը Հայաստանի մէջ կը  գտնուէր մայիս 26-ին Երեւանի մէջ կայացած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու հաւաք-հանդիպման մասնակցելու նպատակով:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման, հետեւանքներու վերացման, պահանջատիրութեան,  ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ սփիւռքեան համայնքներուն մէջ կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ եղաւ հայապահպանութեան` մասնաւորապէս արեւմտահայերէնի դասաւանդման, պահպանման եւ տարածման խնդիրներուն:

Scroll Up