ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Ռումանիոյ Հայոց Միութեան Նախագահը
Մայիս 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեանը եւ Ռումանիոյ ՀՀ դեսպան Համլէտ Գասպարեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Ռումանիոյ մէջ սփիւռքահայ ներուժի համախմբման, համայնքային կեանքի կազմակերպման խնդիրները, ուղենշուեցան համագործակցութեան յետագայ քայլերը:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ աշխարհի բոլոր ծայրերուն մէջ ապրող հայերը համահայկական առաջնահերթութեան խնդիրներու լուծման հարցին մէջ պէտք է համախմբուած ըլլան: Քննարկուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ձեռնարկներու ընթացքը:
Ռումանահայ քաղաքական գործիչ, տնտեսագէտ եւ գրող Վարուժան Ոսկանեան Պուխարեստի տնտեսական ուսումնասիրութիւններու ակադեմիոյ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի դասախօս է, 2005թ-էն Ռումանիոյ գրողներու միութեան փոխնախագահն է, Ռումանիոյ տնտեսութեան միութեան հիմնադիրն ու նախագահը, կանխատեսումներու ազգային հիմնարկի գիտական խորհուրդի պատուաւոր անդամ, տնտեսութեան ազգային հիմնարկի բարձրաստիճան գիտաշխատող:
Ոսկանեան տնտեսագիտական, քաղաքական, գեղարուեստական գիրքերու հեղինակ է: Հայազգի քաղաքական գործիչը նաեւ Ռումանիոյ հումորիստներու ընկերակցութեան անդամ է: 2009թ. տպագրած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ Ռումանիոյ մէջ հաստատուած հայերուն նուիրուած §Շշուկներու մատեան» գիրքը, որ թարգմանուած է շարք մը լեզուներու: