Զարաքոլուն Քննադատած Է Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Թրքական Իշխանութիւններու Ժխտողական Քաղաքականութիւնը

Թուրք յայտնի իրաւապաշտպան «Պելկէ» հրատարակչատան սեփականատէր Ռագըփ Զարաքոլուն Արժանթինի մէջ տեղի ունեցած գիրքի փառատօնին քննադատած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին թրքական իշխանութիւններու ժխտողական քաղաքականութիւնը:
Թրքական Taraf պարբերականի փոխանցմամբ` Ռագըփ Զարաքլուն Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցած գիրքի փառատօնի ընթացքին յայտարարած է, թէ թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութիւնը` խիստ քննադատութեան ենթարկելով նման գործելաոճը:
Զարաքոլուն իր խօսքին մէջ յիշեցուցած է 1915-ի ապրիլ 24-ին Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւններու կողմէ մահուան ուղարկուած հայ մտաւորականներ Ռուբէն Սեւակին, Սիամանթոյին, Դանիէլ Վարուժանին եւ Գրիգոր Զոհրապին` շեշտելով, թէ նոր Թուրքիոյ մէջ ալ կը սպաննուի Հրանդ Տինքը: Ան թրքական իշխանութիւններուն կոչ ըրած է ազատ արձակել յայտնի հայ լեզուաբան Սեւան Նիշանեանը եւ այլախոհ թիւրք եւ քիւրտ մտաւորականներուն, որոնք այսօր կը գտնուին Թուրքիոյ բանտերուն մէջ:
Ռագըփ Զարաքոլուն շեշտած է, թէ հպարտ է, որ 1933-ին Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ արգելուած Ֆրանց Ֆերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» վէպը ինք կրցած է Թուրքիոյ մէջ հրատարակել 1997-ին: