Ղազախստանի Հայկական Համայնքը` Արտիւշա Կարապետեանի Խայտառակութիւններու Թիրախ

Սփիւռքեան համայնքներու մասին միշտ կը ձգտինք արտայայտուիլ զգուշութեամբ` շատ լաւ հասկնալով, որ ամէն  անզգոյշ խօսք կամ քննադատութիւն կրնայ անջրպետ յառաջացնել Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ, կրնայ Հայաստանէն հեռու գտնուող մեր հայրենակիցներուն խռովեցնել: Սփիւռքը չիմացող, Սփիւռքի շերտաւորումներն ու բեւեռուածութիւնը չգիտեցողները յաճախ կը նեղուին, որ կան, այսպէս կոչուած, վերապահումային մօտեցումներ, սակայն առանց ատոնց անհնար է, որովհետեւ ցանկացած համայնք նաեւ Հայաստան կը ներկայացնէ, մեր ժողովուրդը կը ներկայացնէ, ուստի քննադատութիւնն ալ կրնայ օգտագործուիլ մեր ոչ բարեկամներու կողմէ:

Սակայն միշտ չէ, որ պէտք է լռել, ափիբերան դարձնել խօսակցութիւնները մեր որոշ համայնքներու մէջ տեղի ունեցող տհաճ ու անպատուաբեր իրողութիւններու մասին: Չենք կրնար նաեւ լռութիւն պահպանել Ղազախստանի հայկական համայնքէն ներս ձեւաւորուած իրավիճակի հարցով, քանզի մարդոց համբերութիւնը անցած է բոլոր սահմանները, Ղազախստանի մէջ կը հեղինակազրկուի հայ համայնքը, մօտ երկու ամիս տարբեր լրատուամիջոցներ կ’անդրադառնան այստեղ ձեւաւորուած կացութեան: Ցանկացած հայ իր հայրենիքի ու ժողովուրդի մի մասնիկն է, անոր արտացոլանքը: Ուստի, այսօր շատերը, իբրեւ մեր արտացոլանք, կը դիտարկեն նաեւ Արտիւշա Կարապետեանին` Ղազախստանի հայ համայնքի ղեկավարին, որն այդ պարտականութիւնները ստանձնած է ոչ թէ համայնքի, այլ սեփական նախաձեռնութեամբ` աջակից ունենալով շարք մը ուժեր, յատկապէս «Հայրենիք» կազմակերպութիւնը, որ չի ներկայացներ Ղազախստանի հայ համայնքի հաւաքականութիւնը: Անոր ընտրութիւնը, որ որակուած է «միաձայն», տեղի  ունեցած է բռնաճնշումներու ներգործութեամբ, միայն իւրայիններով, ինչն ալ կը նշանակէ, որ սոյն պարոնը յատկապէս Ալմաթիի հայերու շրջանին մէջ շատ վաղուց հեղինակութիւն չի վայելեր: Ըլլալով տեղացի` ան ինքզինք բարձր կը դասէ բոլորէն` արհամարհելով համայնքի ներկայացուցիչներուն, մասնաւորաբար անոնց, որոնք Ղազախստան յայտնուած են 1990-ական թուականներէն ետք:

Ղազախստանի հայ համայնքին մէջ կատարուող խայտառակ ու ազգադաւ իրադարձութիւններուն պարբերական մամուլը եւ էլեկտրոնային լրատուամիջոցները բազմիցս  անդրադարձած են: Մենք լռութիւն որդեգրած էինք` կարծելով, որ սոյն պարոնը ուշքի կու գայ, որ ոտնձգութիւններ չի կատարեր համայնքի ունեցուածքի եւ մասնաւորաբար եկեղեցւոյ հանդէպ: Ի հարկէ, հնչած էին զգուշացումներ  Ղազախստանի մէջ ՀՀ դեսպանատունէն,  ՀՀ Սփիւռքի նախարարութենէն: Բայց… Նման զգուշացումներ, ինչպէս կը պարզուի, Արտիւշա Կարապետեանի համար չեն, որովհետեւ ան հասցուցած է վաստակել ատելութիւն, որուն արդիւնքով ալ վերջերս հայկական համայնքի ներկայացուցիչները հաւաքուած էին` անոր անվստահութիւն յայտնելու եւ համայնքի ղեկավարի նոր ընտրութիւն կազմակերպելու համար: Սակայն հրաժարականի պահանջը այդպէս ալ չէ հնչած, որովհետեւ Արտիւշա Կարապետեան իր հետ բերած է երեք թիկնապահ, որոնք սկսած են սպառնալիքներ տեղալ հաւաքուածներու հասցէին, ահաբեկել անոնց: Չբաւարարուելով այսքանով` Արտիւշա Կարապետեան յայտարարած է, թէ շուտով պիտի փակէ Սբ Կարապետ եկեղեցին…

Այսքանին յաջորդած է արդէն մեծագոյն անբարոյ քայլը, Արտիւշա Կարապետեան ոչ միայն արգելած է Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցի նշումը, այլեւ բռնացած մարդոց ազատ կամքի արտայայտման: Ալմաթիի հայերը կամեցած են խոնարհումի ձեռնարկ կազմակերպել Սբ Կարապետ եկեղեցւոյ  բակին մէջ, սակայն Արտիւշա Կարապետեան արգելած է, եկեղեցւոյ բակ բերել անվտանգութեան մարմիններու աշխատակիցներուն, որոնք ալ հաւաքուածներուն վռնտած են եկեղեցւոյ տարածքէն… Ի դէպ, նշենք, որ ապրիլքսանչորսեան յիշատակի արարողութիւնը ձախողելու սպառնալիքը Արտիւշա Կարապետեան վաղուց  ըսած էր: Ու հիմա կատարած էր խոստումը…

Հասկնալի է, որ Արտիւշա Կարապետեանի կողմէ Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին ուղղուած արգելանքի քայլերը կրնան հաճելի դառնալ միայն թուրք-ազերական  որոշ շրջանակներու, բայց միթէ՞ իրեն հայ համարող մարդը, ինչ-ինչ անհասկնալի դրդապատճառներով, կրնար պղծել միլիոնաւոր զոհերու յիշատակը, կրնայ հրապարակաւ ժխտել Ցեղասպանութիւնը: Սա օտարը չէ ըրած, այլ «մեր մէջի թուրքը», որ հայկական անուն-ազգանուն կը կրէ…

Յիշեցնենք, որ դեռ 2004 թուականին Ալմաթիի մէջ Հայկական տուն կառուցելու համար համայնքը գումար  հաւաքած է: Այս գումարին իր ներդրումը  կատարած է նաեւ Արտիւշա Կարապետեան` մօտ 11 հազար ԱՄՆ տոլար: Բայց, ինչպէս կը պարզուի, սա ոչ թէ ներդրում էր, այլ Արտիւշա Կարապետեան պարտք  ձեւակերպած էր համայնքին: Ժամանակ անց այս մարդը համայնքէն կը պահանջէ ետ վերադարձնել իր պարտքը: Իսկ համայնքը այդ գումարով Հայկական տուն  կառուցած էր: Կարապետեան կը պահանջէ ոչ միայն 11 հազար ԱՄՆ տոլարը, այլեւ ատոր տոկոսները… Չստանալու պարագային կը սպառնայ համայնքէն խլել Հայկական տունն ու օգտագործել իր կարիքներուն համար: Ստիպուած իրավիճակը կը փրկէ տեղի հայերէն Ռ. Մնացականեանը`  վճարելով 10 հազար տոլար…

Գիտենք, որ այս ամէնը կարդալէ ետք ամէն մարդ կրնայ ծանր տպաւորութիւն ստանալ, շատերը պիտի զարմանան, որ կան նման մարդիկ, հարիւր հազարաւոր տոլարներով բարեգործութիւններ ընող հայ բարերարները պիտի ապշահար ըլլան` տեղեկանալով, որ ընդամէնը 11 հազար տոլարի համար հայ մարդը պատրաստ է խլել Հայկական տունը… Զարմանանք թէ չզարմանանք` սա իրականութիւնն է:

Իսկ ո՞րն է ելքը, ինչպէ՞ս Ղազախստանի հայ համայնքը ազատուի Արտիւշա Կարապետեանէն եւ լուծէ իր առջեւ դրուած խնդիրները: Ի հարկէ, Ղազախականի իշխանութիւններու ներկայացուցիչները, առաջնորդուելով երկրին մէջ գործող օրէնսդրութեամբ, խորհուրդ  տուած են յարաբերութիւնները լուծել դատական կարգով, սակայն դատարանէն զատ` կան այլ ուղիներ: Անոնցմէ առաջինը Հայ համայնքի` որպէս հասարակական կազմակերպութիւն, կազմին մէջ  ընդգրկուած անդամներու ինքնակամ հեռանալն է անոր շարքերէն, ինչն ալ կը տանի կազմալուծման: Իսկ աւելի ուշ արդէն նոր հանրային միաւորման ստեղծում…

Լեւոն Մութաֆեան

Scroll Up