ՈՒրուկուահայ գաղութի հիւրն էր թուրք մտաւորական Զարաքօլու
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/782.jpg)
Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան, աքսորի մէջ ապրող թուրք մտաւորական և հրատարակիչ Ռագըպ Զարաքօլուն մի քանի օրուայ համար գտնուեցաւ Մօնթէվիտէօ և մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարուայ ոգեկոչման ձեռնարկներուն՝ յարգանքի տուրք մատուցելով մեր բիւրաւոր նահատակներու հոգւոյն։
Ուրուկուայի խորհրդարանին կից նոր շէնքի գլխաւոր սրահի մէջ Զարաքօլու տուաւ դասախօսութիւն մը, որ հովանաւորեց մեր երկրի Մարդու իրաւունքներու ազգային հիմնարկը։
Զարաքօլու նախ պատական ակնարկով մանրամասնութիւներ տուաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման օրէն և մինչև մեր ժամանակները մարդու իրաւունքներու և փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուած հազարաւոր ոտնահարումներու, որոնց ենթարկուեցան հարիւր հազարաւոր այլազգի և թուրք քաղաքացիներ՝ չարչարանքներու, սպանութիւններու, հալածանքներու և աքսորի մատնուելով՝ բերելով օրինակներ, որ իր իսկ մորթին վրայ զգացած էր։ Զարաքօլու պատմեց, թէ ինչպէս ծանօթացաւ Հայոց ցեղասպանութեան, երբ իբրև քաղաքական բանտարկեալ, իր խցիկի մօտ գտնւող հայ քաղաքական բանտարկեալ մը իրեն մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց մեր Ցեղասպանութեան շուրջ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որպէսզի ներքնապէս իր մէջ յեղաշրջում կատարուի, և խորապէս ուսումնասիրէ իրեն մինչ այդ ամբողջապէս անծանօթ ողբերգութիւնը։
Զարաքօլու դասախօսութեան եզրափակիչ բաժնի մէջ, առանց բառերը ծամծմելու ըսաւ, թէ՝ «Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ միան պէտք է միջագային ընտանիքը դատապարտէ, այլև ճնշում բանեցնէ թուրք իշխանութիւններու վրայ՝ անոր հետևանքով հայ բնակչութեան յատուցում կատարելու, որ միակ ճանապարհը կը հանդիսանայ, որպէսզի հայ և թուրք ժողովուրդներու միջև բացուած վիհը վերանայ՝ այսպիսով խաղաղ և ապահով կեանք մը հաստատելով»:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Ս. ՆեՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵԿԵՂԵՑԻ և ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ
——————————————————————————————————
Կիրակի՝ 27 ապրիլ, Զարաքօլու ներկայ գտնուեցաւ մեր նահատակներու հոգւոյն մատուցուած հոգեհանգստեան պաշտօնին, որմէ ետք եկեղեցւոյ շրջաբակը գտնւող Մեծ Եղեռնի յուշարձանի մօտ, բազմահարիւր մեր հայրենակիցներու հետ, ծաղիկ մը զետեղեց և խոնարհեցաւ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն։ Զարաքօլուին կ՜ընկերակցեր քիւրտ մտաւօրական և քաղաքական գործիչ Մէհմէտ Տօղան։
Կարօ Հէքիմեան
Մօնթէվիտէօ, Ուրուկուայ