Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Նուիրուած Յուշարձան Վանքուվըրի Մէջ

Ապրիլ 27-ին Քանատայի Վանքուվըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանի բացման արարողութիւնը:

Հանդիսաւոր բացման մասնակցեցան Քանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան, Քանատայի դաշնային, Բրիտանական Քոլումպիա նահանգային եւ Վանքուվըրի քաղաքապետարանի  մարմիններու ներկայացուցիչներ, Քանատայի հայ համայնքի հոգեւոր, համայնքային առաջնորդներ:

Իր ելոյթին մէջ դեսպան Եգանեան կարեւոր համարեց Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ սպանուած 1.5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի բացումը Վանքուվըրի մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ:

Հայոց ցեղասպանութեան զոհի արխիւացուած մատնահետքը պատկերող յուշարձանի հեղինակն է Մաթիլտա Ասլիզադէն: Քաղաքապետարանի այգիի տարածքին մէջ տեղակայուած յուշարձանը, նախատեսուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի ձեռնարկներու ծրագիրով, եկաւ լրացնելու Քանատայի Մոնրէալ, Լաւալ, Թորոնթօ եւ այլ քաղաքներու մէջ գտնուող Մեծ Եղեռնը ոգեկոչող յուշարձաններու շարքը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն  ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up