Հին Հալէպի մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի պատճառով քաղաքը ուժգինօրեն ցնցուեցաւ
Ապրիլ 27-ին առաւօտեան Հալէպ ցնցուեցաւ քանի մը ուժգին պայթուններու պատճառով, որ կեդրոնացած էր՝ Հին Հալէպի շրջանները, Ալաքապէ, Սապաա պահրաթ: Պէտք է ըսել, որ վերջին պայթումը՝ Հալէպ քաղաքի կեդրոնը՝ Սապաա Պահրաթ շրջանին մէջ գտնուող ِարդիւնաբերութեան պալատն էր, որ ամէնէն ահաւորն էր՝ շէնքը ամբողջութեամբ հիմնայատակ եղաւ, հարուածը ցնցեց նոյնիսկ հայահոծ թաղամասերը, քանի որ երկրաշարժի զորեղ ուժգնութեան նման էր: Պայթումներու շարքին էր ելեկտրականութեան փոխարկիչ կեդրոն մը, զոր նոյնպէս ամբողջութեամբ խորտակեցաւ:
Զինեալ խմբաւորոմներու կողմէ ականներու պայթուններուն յաջորդեց սուրիական բանակի եւ այդ խմբաւորումներու միջեւ երկար ժամեր տեւող բախումներ: Բախումներուն հետեւանքով տասնեակ զինեալներ սպաննուեցան:
Սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կը կատարէ զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ, ինչպէս նաեւ կը փորձէ կասեցնել անոնց ներս թափանցումը դէպի կառավարամէտ շրջաներ:
Միւս կողմէ, զինեալ խմբաւորումներ շարունակեցին տասնեակներով հրասանդեր հրթիռներ եւ արկեր արձակել Հալէպի զանազան շրջաններու վրայ, ինչպէս Ժիտէյտիէ, Ալզահրաու Շուկան, Պութան Գըլափ, Պարոն Պանթոկի թաղամասը, Ալմունշիէ, Պապ Ալֆարաժ եւ այլ շրջաններ:
Ռմբակոծումներու եւ կրակոցներու պատճառով զոհուեցան մօտ 24 քաղաքացի եւ աւելի քան 52 հոգի վիրաւորուեցան: Արձանագրուեցաւ նիւթական մեծ վնասներ:
Նշենք, որ հայաբնակ շրջանները առայժմ ռազմական գործողութեանց դաշտ չէ:
Պատերազմական ծանր իրավիճակին առընթեր Հալէպ արդէն տասներորդ օրն է, որ ելեկտրականութեան հոսանքը անջատուած է:
Այս մասին կը յայտնէ PERIO NEWS-ի Facebook-եան էջը: