Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ Մոսկուայի Մէջ

Ապրիլ 24-ին Մոսկուայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վանական համալիրի տարածքին մէջ գտնուող խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ ծաղիկներու եւ ծաղկեպսակներու տեղադրման արարողութիւն` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու: Արարողութեան մասնակցեցան ՌԴ մօտ ՀՀ դեսպան Օլեգ Եսայեանը, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի հայոց թեմի առաջնորդ, գերաշհորհ Տ. Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանը, ՌԴ պետական մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ռուսաստանի հայերու միութեան ղեկավար մարմինի անդամներ, մոսկովեան համալսարաններու հայ ուսանողներ ու մոսկուաբնակ հայեր:
Ծաղկեպսակներու եւ ծաղիկներու տեղադրման արարողութենէն ետք Մոսկուայի Սուրբ Պայծառակերպութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ 1915թ.-ի կոտորածներուն զոհ դարձած 1.5 միլիոն անմեղ հայերու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգիստ` Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի առաջնորդութեամբ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: