Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութիւնը Կը Նշէ Ցեղասպանութեան 99-Ամեակը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/2304ashagerd-720x326.jpg)
Երէկ` չորեքշաբթի, 23 ապրիլի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն:
Հաւաքին սկիզբը բոլոր աշակերտները ծաղիկներ զետեղեցին մատրան դիմաց, ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` վարժարան առ վարժարան:
Օրուան խորհուրդը աշակերտներուն փոխանցեց Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան նկատել տուաւ, որ 24 ապրիլ 1915-ին ժամանակը կանգ առած է մեզի համար, որովհետեւ տակաւին չենք յաղթահարած Ցեղասպանութիւնը: Ան մեզի համար պատմական անցեալ չէ, ներկայ է, ամէնօրեայ ապրուող իրականութիւն է:
Ցեղասպանութիւնը եղաւ հայութեան պարտադրուած փորձութիւններուն ծանրագոյնը եւ անոր յատկանիշները եղան մեր ժողովուրդի բռնի տեղահանումը իր հայրենի բնօրրանէն, հայկական տնտեսութեան յափշտակումը եւ հայ մշակոյթի փոշիացումը: «Մենք ներկայ ենք եւ կը պահանջենք քաղաքական պատասխանատուութեան ենթարկել Թուրքիան, արդար հատուցում մեզմէ խլուած բոլոր կալուածներուն, նաեւ մեր հողերուն վրայ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը», շեշտեց Աւագեան:
Եզրափակելով իր խօսքը` Վ. Աւագեան աշակերտներուն յայտնեց, որ իրենք են արժանաւոր զաւակները Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած մեր նախահայրերուն, հսկայ աշխատանք կայ տարուելիք եւ պէտք է խոստումը յարգեն հայօրէն ապրելու եւ հայօրէն մեծնալու իրենց վճռակամութեամբ, որովհետեւ «դուք էք մեր ներկան, դուք էք մեր յուսատու ապագան դէպի 100-ամեակ եւ անկէ անդին… մինչեւ որ օր մը Ապրիլ 24-ը իբրեւ յաղթանակի օր ոգեկոչենք միացեալ, բարգաւաճ ու հզօր Հայաստանի մէջ», եզրափակեց Աւագեան:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասին:
Առաջնորդ սրբազանը աշակերտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ ամէն տարի 24 ապրիլի նախօրեակին մենք կը հաւաքուինք Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ կարօտով եւ կ՛անդրադառնանք, որ մեր նահատակներն ալ այսօր կը սպասեն մեզ մեր շրթունքներէն լսելու աղօթքը եւ մեր հոգիներուն մէջ տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս վաղուան սերունդները կը կերտուին` անցեալի գիտակցութեամբ պատրաստ տէր կանգնելու հայ ժողովուրդի դատին: «Մեր նահատակներուն յիշատակը անմահ է եւ անոնց շունչը մեր մէջ կ՛ապրի այնքան ժամանակ, որ մենք գիտակցութեամբ մեր կեանքը կը նուիրենք հայութեան եւ կ՛ուխտենք մեր նահատակներուն պարտքը անձնական եւ սեփական արարքներով իրականութեան վերածել», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ Հայաստանի քայլերգով` երգեցողութեամբ բոլոր աշակերտներուն եւ ներկաներուն: