Էրտողան Սրբագրած Է Իր «Ցաւակցութիւնը». «Օսմանցիներու Թոռներուն Ալ Կը Ցաւակցիմ…»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/23.04.14-5780erdoxan.jpg)
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Էրտողանը իր նախաապրիլքսանչորսեան գրաւոր աննախադէպ յայտարարութենէն քիչ ետք, երբ այն արդէն դարձած էր համաշխարհային լրահոսին մէջ կարեւոր տեղեկութիւններէն մէկը, ինչպէս նաեւ` թրքական շրջանակներու քարոզչական զէնք, թուրք հանրութեան համար արդէն սրբագրեց իր, այսպէս կոչուած, ցաւակցութիւնը:
Այս երկրին մէջ ապրիլ 23-ը կը նշուի որպէս Երեխաներու օր: Խորհրդարանէն ներս տօնական պաշտօնական հանդիսութենէն ետք լրագրողներուն հետ հանդիպման ան պարզաբանած է, թէ ցաւակցութիւն յայտնած է ոչ միայն հայերուն:
«Այդ ընթացքին մահացած օսմանցիներու թոռներուն ալ կը ցաւակցիմ: Նոյն թուականին միայն հայեր չէ, որ սպաննուած են. նաեւ` թուրքեր, պոսնացիներ, ալպանացիներ, լազեր: Բոլորի հոգիներուն խաղաղութիւն կը մաղթեմ: Անոնց յիշատակը ոգեկոչելէն բնական ի՞նչ կրնայ ըլլալ: Սակայն, ցաւօք, շատերը ատիկա կ’օգտագործեն որպէս գործիք, ինչ որ սխալ է, եւ մենք ատոր դէմ հանդէս եկած ենք, ու միշտ ընդգծած ենք ատիկա: Մեր ընելիք քայլէն աւելի կարեւոր է հակառակ կողմի ընելիք քայլը…»,- աւելի ուշ Էրտողան այսպէս պարզաբանած է ուղերձը:
ի դէպ, Էրտողանի` քանի մը լեզուներով, մէջը ըլլալով` շատ վատ թարգմանուած արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով այսօր աւելի կանուխէն տարածուած յայտարարութեան թարգմանութիւնը ակնյայտօրէն կատարուած է համակարգչային, թերեւս Google Translate ծրագիրով:
www.yerkirmedia.am