Նիտերլանտներու մէջ Պիտի Յարգեն Հայոց Մեծ Եղեռնի 99-րդ Տարելիցը
Հոլանտահայ կազմակերպութիւնները 2014 թուականին եւս կը պատրաստուին լայն կերպով նշելու Մեծ եղեռնի տարելիցը: Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ պիտի իրականացուին ողջ Հոլանտայի տարածքով մէկ, անգամ այն բնակավայրերուն մէջ, ուր սակաւաթիւ հայեր կ’ապրին: Անմեղ զոհերու ոգեկոչման արարողութիւններն արդէն մեկնարկած են եւ պիտի շարունակուին ապրիլ 24-էն ետք ալ:
Ապրիլ 11-ին Ուտրեխտի մէջ Գլաձոր հայ ուսանողական միութիւնը Ցեղասպանութեան թեմայով ընթերցանութեան երեկոյին հրաւիրած էր երիտասարդ գրող-տեսաբան Էնթօնի Հոլսլագին, որ հետազօտութիւն կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն մասին: Ան հայ ուսանողներուն ներկայացուցած է Իր «In het Gesteente van Ararat» գիրքը:
Նոյն օրը’ ապրիլ 11-ին, Հոլանտայի հարաւը գտնուող Օսթպուրկ քաղաքին մէջ բացուած է “T Armeense Hoekje” (Հայկական անկիւն) անունը կրող ճաշարանը: Dear Angel հոլանտահայ կազմակերպութիւնը Մեծ եղեռնին նուիրուած թեմատիկ նիւթեր պիտի պատրաստէ ցուցադրելու այստեղ այցելող յաճախորդներուն, իսկ ապրիլ 24-ին նախատեսուած է ցուցադրել Հայոց ցեղասպանութեան մասին ֆիլմեր, նաեւ հարցազրոյց պիտի կազմակերպուի մարզային ռատիոյով:
Ապրիլ 22-ին Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբը Հաագայի մէջ, համագործակցող հոլանտահայ կազմակերպութիւններուն հետ համատեղ, Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած բողոքի ցոյց պիտի իրականացնէ: Ցոյցը պիտի սկսի Հաագայի Փլէյն հրապարակին մէջ` Հոլանտայի խորհրդարանի մօտէն, այնուհետեւ պիտի շարունակուի երթով դէպի Թրքական դեսպանատուն` Քեսապի դէմ յարձակումները դադրեցնելու ու նոր ցեղասպանութիւնը կանխելու կոչերով:
Նոյն օրը’ երեկոյեան, Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբի Հ.Յ.Դ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական կազմակերպութեան անդամներն ու անոնց համախոհները Տէն Հաագի մէջ պիտի իրականացնեն գիշերային քայլարշաւ եւ մոմավառութիւն:
Յաջորդ օրը’ ապրիլ 23-ին, Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու միութիւնը(FAON) Ապրիլ 24 յանձնախումբը պիտի կազմակերպէ յուշ երեկոյ: Այս ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ամստերդամի վերանորոգուած Հայ Առաքելական Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ մէջ, որու 300-ամեակը պիտի նշուի այս տարի: Ծրագիրը պիտի պարունակէ ելոյթներ եւ երաժշտութիւն: Ելոյթ կ’ունենան Նիտերլանտներու մօտ Հայաստանի դեսպան տիկին Ձիւնիկ Աղաջանեանը, Հոլանտայի խորհրդարանի Քրիստոնէական միութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր պարոն Գերտ Եան Սէգերսը, Իսրայէլի տեղեկատուական CIDI կեդրոնի նախկին տնօրէն պարոն Ռոնի Նաֆտանիելը եւ այլ անձիք:
Պիտի ցուցադրուին Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ցեղասպանութեան թեմայով հոլանտական թերթերուն մէջ լոյս տեսած նիւթեր, մէջը ըլլալով` Հոլանտայի դեսպանի զեկոյցները: Այս ցուցահանդէսը պիտի ներկայացուին քաղաքական գործիչ Փետեր վան տէր Ֆելտենը: Պիտի ցուցադրուին Հայոց ցեղասպանութեան մասին հրատարակուած գիրքերու հաւաքածու:
Ապրիլ 24-ին, ժամը 11-ին տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում Ասենի Մեծ եղեռնի յուշարձանին, որ կը գտնուի այդ քաղաքի «Տէ Պոսկամպ» գերեզմանատան մէջ: Այս ձեռնարկը նախաձեռնած են Ասենի «Արմենիա» հաստատութիւնն ու հոլանտահայ միութեան «Ապրիլ 24» կոմիտէն: Մէկ այլ վայր` Ալմելօ հայաշատ քաղաքին մէջ, բացում պիտի կատարուի Եւրոպայի մէջ իր տեսակին մէջ եզակի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշահամալիր: Այն կառուցուած է հայկական եկեղեցիներու նախագիծով` տասնըվեց սիւներու վրայ: Համալիրի հիմքը հանդիսացող տասնըվեց տուֆէ խաչքարերը պատրաստուած են Հայաստանի մէջ: Այդ օրը Նիտերլանտներու, նաեւ մօտ երկիրներու հայաշատ վայրերէն բազմաթիւ պատուիրակութիւններ պիտի ժամանեն` յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու բարերար Քրիստիան Կելիճիի նախաձեռնութեամբ հիմք դրուած նահատակներու յուշհամալիրին:
Ապրիլ 26-ին Վստերուորդի մէջ Հայ տիկնանց միութիւնը Արնէմի Հայ Եկեղեցւոյ խորհուրդի հետ համատեղ պիտի կազմակերպեն յուշ-երեկոյ:
Հայոց Մեծ եղեռնի 99-րդ տարելիցին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Նիտերլանտներու մեծ ու փոքր բնակավայրերու մէջ, ամէնուր, ուր կ’ապրին հայեր:
«Նիտերլանտական Օրագիր»
clubs.ya.ru