Իսրայէլի հայ համայնքը նախագահին կշտամբած է Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու համար

Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիւլին Ապրիլ 26-ին  Երուսաղէմի իր նստավայրին մէջ ընդունած է  հայ համայնքի ներկայացուցիչները, որոնք նախագահին կշտամբած են Իսրայէլի կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչնալու համար: Այս մասին կը յայտնէ NEWS.am-ը:

Ռիւլին օգտագործած է զանգուածային սպանութիւններ կամ հայկական ողբերգութիւն եզրերը: «Մեր բարոյական պարտքն է մատնացոյց ընել փաստերը, ինչպիսին ալ որ ատոնք ըլլան: Մենք պիտի չանտեսենք ատոնք: Հայ ազգը
ժամանակակից զանգուածային սպանութիւններու առաջին զոհը դարձաւ: Մենք չենք ձգտիր ատոր մեղքը բարդել հաստատ երկրի մը վրայ, սակայն մեր համերաշխութիւնը կը յայտնենք ջարդերու զոհերուն:

Հոլոքոստի սարսափներէն ետք  հայ ազգի ողբերգութեան զոհերու յիշատակ յարգելը մեր հրէական պարտքն է` մարդկային եւ բարոյական:  Ես հպարտ եմ այստեղ` նախագահի նստավայրին մէջ ձեզի ընդունելու համար, որպէսզի այս օրը նշեմ ձեզի հետ»,- ըսած է Ռիւլին հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, որոնց այս կապակցութեամբ առաջին անգամ հրաւիրած էին Իսրայէլի նախագահին մօտ:

«Երուսաղէմի հայկական պատրիարքարանի ներկայացուցիչ, արքեպիսկոպոս Արիս Շիրվանեան հիասթափութիւն յայտնեց, որ Իսրայէլը հայերու սպանութիւնները ցեղասպանութիւն եզրով չբնութագրեց»,- ըսուած է Իսրայէլի  նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: «Նախագահը յայտարարած է, որ քննադատութիւնը ի գիտութիւն կ’ընդունի եւ կը կարծէ, որ Իսրայէլի ղեկավարութիւնը պէտք է աւելի շատ բան ընէ հայերու սպանութիւններու հարցը բարձրացնելու համար: Ան ընդգծած է այդ քննարկման կարեւորութիւնը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ կայացած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները, որոնց մէջ Իսրայէլ ներկայացուած  եղած է 2 պատգամաւորներէ կազմուած պատուիրակութեան եւ Հայաստանի մէջ Իսրայէլի դեսպանի մակարդակով: Պատգամաւորներէն մէկը` Քնեսեթի փոխվարչապետ Նախման Շայը հայրենակիցներուն կոչ ըրած է ճանչնալու հայ ազգի ցեղասպանութիւնը: «Այդ մեր տարրական պարտքն է: Մենք պէտք չէ տատանինք»:

Scroll Up