Շնորհաւո՛ր Տարեդարձդ, 80-ականներու Հայ Երիտասարդներու Առաջնորդ, Համարձակ Ու Խիզախ Անհատականութիւն
Իմ սերունդը, իմ հասակակիցները հսկայական ներդրում ունեցան ինչպէս Խորհրդային Հայաստանի, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ: Սերունդիս նշանաւորներէն մէկն ալ Հրանոյշ Յակոբեանն է` 1980-ականներու հայ երիտասարդներու առաջնորդը, համարձակ ու խիզախ անհատականութիւնը…
Այսօր ան կը ղեկավարէ բարդագոյն կառոյց մը` ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը: Միայն անոնք, որոնք լաւ գիտեն Սփիւռքը` իր բազմաշերտութեամբ ու բազմաբեւեռայնութեամբ, լաւ կը հասկնան, թէ ի՜նչ դժուար է նախարար ըլլալ…
Սիրով կը շնորհաւորեմ հին ու լաւ ընկերոջս, հասակակիցիս` ծննդեան օրուան առիթով.. Կը Մաղթեմ, որ չապրած երջանկութեան դատարկ կանգառներ չըլլան…
Լ. Մութաֆեան
Թատերագէտ, ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ