Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ցուցահանդէս` Նուիրուած Պատուական Գրիգորեանցի Ծննդեան 115-ամեակին
Հոկտեմբեր 9-ին Ս. Փեթերսպուրկի Մոսկովեան շրջանի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լենինկրատեան ականաւոր գծանկարիչ Պատուական Գրիգորեանցի (1899-1986) աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացումը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ «Փեթերսպուրկի հայերու լրաբեր»-ը:
Ձեռնարկին սկիզբը Ս. Փեթերսպուրկի նկարիչներու միութեան վարչութեան անդամ,նկարիչ Աշոտ Խաչատրեան արտայայտեց իր կարծիքը ներկայացուած աշխատանքներու մասին:
Վարպետին մասին իրենց յիշողութիւնները պատմեցին դուստրը` նկարիչ Իրինա Իգնատեւան բարեկամը` դասախօս Գրիգորի Աղաջանեան: Ռուսաստանի ազգային գրադարանի ազգային գրականութեան բաժինի վարիչ Շուշան Ժաբկոն տուաւ իր բարձր գնահատականը կազմակերպուած ցուցահանդէսի մասին եւ նշեց հասարակութեան մէջ մշակութային-լուսաւորական աշխատանքներու կարեւոր դերի ու նշանակութեան մասին:
Արուեստագէտ Կալինա Տիմոֆէեւան ներկայացուց իր պատրաստած զեկոյցը Պ. Գրիգորեանցի կեանքի եւ ստեղծագործութեան մասին:
Երեկոյի աւարտին «Փեթերսպուրկի հայեր» տարածաշրջանային հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ալ. Նազարովը շնորհակալութեան խօսքեր յղեց ցուցասրահի պատասխանատու կարգադրիչներուն` համագործակցութեան համար:
Ցուցահանդէսը,որ կազմակերպած էր «Փեթերսպուրկի հայեր» տարածաշրջանային հասարակական կազմակերպութիւնը. այն կը շարունակուի մինչեւ 2014թ. Հոկտեմբեր 24: