Աւետման Տօնը Ջաւախքի Մէջ

Սբ. Մարիամ Աստուածածնայ Աւետման տօնին Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Տ. Բաբգէն վրդ Սալբիյեանի անմիջական նախաձեռնութեամբ եւ օրհնութեամբ Ջաւախքի բոլոր գործող եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ տօնական Սբ. եւ Անմահ պատարագ: Տօնական օրուան պատարագիչը Ախալքալաքի Սբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Տ. Տաթեւ քահանայ Մարուքեանն էր:

Տօնի առիթով Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութիւնը գեղեցիկ անակնկալ մատուցեց Ախալքալաքի շրջանային հիւանդանոցի ծննդատան աշխատող կանանց եւ օրուան մայրերուն: Տ. Տաթեւ քահանայ Մարուքեան անձամբ շնորհաւորեց ծննդկաններուն եւ բժիշկներուն` նուիրելով մէկական վարդ եւ «Մանկական Աստուածաշունչ» մատեաններ:

Տէր հայրը բարձր գնահատեց ծննդատան աշախատակիցներու կատարած գործը` նշելով. «Այստեղէն կը սկսի կեանքը, եւ Դուք այն նուիրեալներն էք, որոնք արժանապատուօրէն կ’իրականացնեն իրենց գործը»:

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ այս անակնկալ փոքրիկ ուշադրութիւնը ուրախութեամբ լեցուց ներկաներու սրտերը:

Տօնական օրուան աւարտին արդէն Ջաւախքի Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ կիրակնօրեայ դպրոցի սաները կը գովերգէին հայոց մայրերը: Կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն  Զարուհի Բարբառեանի շուրջ 80 սաներ գեղարուեստական յատուկ երեկոյ  կազմակերպած էին իրենց մայրերուն համար:

Ամէն տարի ապրիլ 7-ին Հայ Առաքելական Ս. եկեղեցին կը նշէ Ս. Մարիամ Աստուածածնայ Աւետման տօնը: Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոսն այդ օրը հռչակած է որպէս մայրերու եւ մայրութեան բերկրանքին սպասող կանանց օրհնութեան օր:

Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան մամլոյ դիւան

Scroll Up