Աւագ հիւպատոս Հրայր Կարապետեան ներկայացուցած է Քեսապի կացութիւնը

Ս. Փե­թերսպուրկի մէջ Հա­յաս­տա­նի աւագ հիւ­պա­տոս Հրայր Կա­րապե­տեանի խնդրան­քով տե­ղի ու­նե­ցած են հան­դի­պումներ ԱՊՀ-ի միջ­խորհրդա­րանա­կան Վե­հաժո­ղովի խոր­հուրդի ընդհանուր քար­տուղար Ալեք­սէյ Սեր­կէեւի, Հա­ւաքա­կան անվտան­գութեան պայ­մա­նագի­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան խորհրդա­րանա­կան վե­հա­ժո­ղովի պա­տաս­խա­նատու քար­տուղար Փիոթր Ռիապու­խի­նի եւ Ս. Փե­թերսպուրկի մէջ Յու­նաստա­նի գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս Թէոտո­րոս Պի­զաքի­սի հետ` իբ­րեւ Եւ­րո­պական Միու­թեան նա­խագա­հող երկրի ներ­կա­յացու­ցիչ:

Ս. Փե­թերսպուրկի մէջ Հա­յաս­տա­նի աւագ հիւ­պա­տոսու­թիւնը News.am-ին յայտնած է, որ հան­դի­պումնե­րուն ըն­թացքին Հրայր Կա­րապե­տեան կող­մե­րուն ներ­կա­յացու­ցած է Սու­րիոյ Քե­սապ բնա­կավայ­րին մէջ ծանօթ դէպ­քե­րուն վե­րաբե­րեալ Հա­յաս­տա­նի նա­խագա­հին ու­ղերձը եւ շար­ժա­ռիթ­նե­րը:

Կող­մե­րուն փո­խան­ցուած է, որ Թուրքիոյ օժան­դա­կու­թեամբ ահա­բեկ­չա­կան խումբե­րու գոր­ծո­ղու­թիւննե­րուն պատ­ճա­ռով Քե­սապէն շուրջ 670 ըն­տա­նիք­ներ ստի­պուած եղած են լքե­լու իրենց պատ­մա­կան բնա­կավայ­րե­րը, թա­լանի են­թարկուած են անոնց տու­նե­րը եւ պղծուած են եկե­ղեցի­ները: Փաս­տօ­րէն, պատ­մութեան մէջ եր­րորդ ան­գամն ըլ­լա­լով տուեալ տա­րած­քին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան ցե­ղային զտումներ, որոնց ան­մի­ջական պա­տաս­խա­նատուն Թուրքիան է: Յատ­կա­պէս կը մտա­հոգէ այն փաս­տը, որ իրա­դար­ձութիւննե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րելի­ցի նա­խաշե­մին:

Հիւպատոսին խօսակիցնե­րը նշած են, որ իրենք եւս մտա­հոգ են Սու­րիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցող իրա­դար­ձութիւննե­րուն ըն­թացքէն եւ հայ­կա­կան կող­մին տագ­նա­պը բաժնելով, այդ մա­սին ման­րա­մաս­նօ­րէն պի­տի ներ­կա­յաց­նեն իրենց կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն մաս կազ­մող կա­ռոյցնե­րուն եւ եր­կիրներուն:

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up