Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հանդիպում ունեցաւ Պապական Նուիրակին հետ

Սուրիա-Թուրքիա սահմանի թրքական կողմէն ներխուժած զինեալ խմբաւորումներու կողմէ Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումին հետեւանքով  Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութեան շուրջ հաստատած շփումներու շրջագիծէն ներս, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ երկուշաբթի կէսօրին պապական նուիրակութեան Հարիսայի նստավայրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պապական Նուիրակ Կապրիելլէ Քաչչիա եպիսկոպոսին հետ, որուն յետադարձ ակնարկով մը ներկայացուց հայաւանին ստեղծման պարագաները։ Խօսակցութիւնը այնուհետեւ շօշափեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները ընդհանրապէս եւ քեսապահայութեան վիճակը մասնաւորաբար։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Պապական Նուիրակին տեղեկացուց Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութեան  եւ ասոր հետեւանքով Լաթաքիա ապաստանած քեսապահայութեան ծանրակշիռ վիճակի մասին, նշելով որ Քեսապի հարցը արծարծուած է  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ նախագահ Պարագ Օպամայի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց Լաթաքիա ապաստանած Քեսապահայութեան մարդասիրական անմիջական օգնութիւն ցուցաբերելու եւ անոր իր բնօրրանը անվտանգ վերադարձը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը՝ խնդրելով այս մասին տեղեկագրել Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան։

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

Scroll Up