«The Wall Street Journal»՝ Քեսապի Դէպքերուն Մասին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/Wall-Street-Journal.jpg)
Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող եւ մեծաթիւ հայ բնակչութիւն ունեցող Քեսապի իրադարձութեանց մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը կը յիշեցնէ պատմութեան սեւ էջերը` Օսմանեան կայսրութեան կազմակերպած 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս տողերը, ըստ Լիբանանի “Ազդակ” օրաթերթին, կը կարդանք The Wall Street Journal-ի կայքին վրայ:
Կիրակի օր Սուրիոյ հայութիւնը իր զայրոյթը յայտնեց իսլամ ծայրայեղականներու գործողութիւններուն նկատմամբ, որոնց պատճառով անոնց հակակշիռին տակ անցած էր Քեսապ գիւղաքաղաքը` վտանգելով անոր քրիստոնեայ բնակիչներուն կեանքը: Հայեր գաղթած են Քեսապէն` յուսալով, որ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմը կը յաջողի պաշտպանել իր եւ հայութեան շահերը:
«Թուրքերը կրկին մեր դէմ դուրս եկած են: Պատմութիւնը նկատի ունենալով` այս մէկը անընդունելի է: Ցեղասպանութիւնը կը կրկնուի Քեսապի մէջ: Ի՜նչ վատ օրեր: Աստուած պահպանէ բոլոր անոնք, որոնք կը պաշտպանեն գեղեցիկ Քեսապ գիւղաքաղաքը»,- «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է քեսապցի մը:
«Քեսապի ժողովուրդը վռնտուած է իր տուներէն եւ կ՛ապրի Լաթաքիոյ հայկական եկեղեցւոյ մէջ, ուր սնունդ կը ստանան տեղացի հայերէն»,- գրած է քեսապցի ուսանող մը, որ այժմ կ՛ապրի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, եւ որուն ընտանիքի անդամները լքած են Քեսապը:
«Վայրը, ուր մենք կ՛անցընէինք մեր ամառները, վերածուած է պատերազմական գօտիի: Սուրիական բանակը իր կարելին կ՛ընէ փրկելու համար Քեսապը: Միակ դրական բանը այն է, որ Քեսապի ժողովուրդը, ներառեալ` ընտանիքս եւ ընկերներս, կրցած են ժամանակին փրկուիլ: Պատերազմէն ետք անոնք հաստատ անտուն պիտի մնան»,- աւելցուցած է ան: