Քեսապի Հայոց ինչքերը սկսած են յայտնուիլ թրքական շուկաներու մէջ

Karabakh-life.am կայ­քէ­ջը Մարտ 31ին զրու­ցած է Լա­թաքիոյ շտապ օգ­նութեան եւ վե­րականգնու­մի Քե­սապի գոր­ծա­դիր մարմնի ան­դամ Կա­րօ Ման­ճի­կեանի հետ:

Վեր­ջինս ըսած է, թէ չեն յա­ջողիր ուղղա­կի կապ հաս­տա­տել Քե­սապի հետ, որով­հե­տեւ հա­ղոր­դակցու­թեան ոչ մէկ մի­ջոց կը գոր­ծէ:

“Բայց տե­ղեակ ենք, որ մեր տու­նե­րը թա­լանուած են, Թուրքե­րը բեռ­նա­տար մե­քենա­ներով կը կրեն Քե­սապա­հայե­րու ինչքերը եւ ար­դէն վա­ճառ­քի հա­նած են Թուրքիոյ սահ­մա­նակից բնա­կավայ­րե­րու շու­կա­ներուն մէջ” ըսած է ան:

Ան եւս հա­ւաս­տած է, որ ահա­բեկիչ­նե­րուն յա­ռաջ­խա­ղաց­քը կա­սեցուած է սու­րիական բա­նակին կող­մէ: Իրենց ու­նե­ցած տուեալ­նե­րով՝ զո­հեր չկան: Քե­սապէն տե­ղահա­նուած է շուրջ 800 ըն­տա­նիք, որուն 600ը Հա­յոց ըն­տա­նիք­ներ են:

Առա­ջին քա­նի մը օրե­րը ապաս­տա­նելէ ետք Լա­թաքիոյ հայ­կա­կան եկե­ղեցիին մէջ, անոնք այժմ տե­ղաւո­րուած են տե­ղացի Հա­յոց, հե­ռու-մօ­տիկ ազ­գա­կան­նե­րու մօտ: Եկե­ղեցոյ մէջ ապաս­տա­նած­նե­րու թի­ւը կա­մաց-կա­մաց նուազած է: Անոնց օգ­նութիւն կը ցու­ցա­բերուի, թէ՛ պե­տական մա­կար­դա­կով, թէ՛ ան­հա­տական:

Մեծ օգ­նութիւն ցու­ցա­բերած է Կի­լիկիոյ Կա­թողի­կոսու­թիւնը՝ ի դէմս Արամ Ա. Կա­թողի­կոսի:

Օգ­նած են նաեւ Լի­բանա­նի ՀԲԸՄ-ը, Ամե­րիկա­յի, Գա­նատա­յի, Ֆրան­սա­յի եւ այլ եր­կիրնե­րու հայ հա­մայքնե­րը:

Ինչ կը վերաբերի տա­րեց այն Հա­յոց մա­սին, որոնք չլքե­ցին Քե­սապը, Ման­ճի­կեան կ՚ըսէ, թէ ներ­կայ պա­հուս տե­ղեկու­թիւն չու­նին:

“Անոնք փոքր թիւ կը կազ­մեն, բայց մտա­հոգ ենք, որով­հե­տեւ չու­նինք որե­ւէ տե­ղեկու­թիւն՝ գե­րեվա­րուա՞ծ են, սպան­նուա՞ծ են, թէ ողջ-առողջ են” հարց կո տայ ան:

Խօ­սելով տե­ղահա­նուած­նե­րու հո­գեվի­ճակին մա­սին, Ման­ճի­կեան կ՚ըսէ, թէ անոնց մօտ բնա­կանա­բար նշմա­րելի է լա­րում, բայց ո՛չ՝ վախ: “Մենք գի­տենք, որ երբ Քե­սապ վե­րադառ­նանք, պէտք է սկսինք զե­րոյէն: Բայց մենք միայն վե­րադառ­նա­լու մա­սին կը մտա­ծենք: Քե­սապն ու շրջա­կայ գիւ­ղե­րը մեր պատ­մա­կան հո­ղերն են: Երբ հարց կու տաք նոյ­նիսկ ամե­նափոք­րին, թէ ո՞ւր կ՚ու­զէ եր­թալ, օրի­նակ՝ Լի­բանա՞ն, թէ Քե­սապ, պա­տաս­խա­նը աներկբա­յօրէն կ՚ըլ­լայ Քե­սապ:

Մենք հո­ղին կա­պուած ժո­ղովուրդ ենք: Մենք հոս հա­զարա­մեակ­նե­րու պատ­մութիւն ու­նինք: Ինչպէ՞ս կրնանք լքել մեր պատ­մութիւ­նը եւ ո՞ւր կրնանք եր­թալ: Հե­ռանալ դէ­պի անո­րոշու­թի՞ւն: Քե­սապը մե­զի հա­մար բա­րոյա­կան իմաստ ու­նի: Քե­սապը մեր փոք­րիկ Հա­յաստանն է” կը վկայէ Կարօ Մանճիկեան:

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up