ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Կայացաւ «Գրական Սփիւռք- 2013» Տարեգիրքի Եւ «Սփիւռքի Գիտավերլուծական Հանրութիւնը» Հետազօտութեան Շնորհանդէսը

Ապրիլ 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Գրական Սփիւռք 2013» տարեգիրքի եւ «Սփիւռքի գիտավերլուծական հանրութիւնը» հետազօտութեան շնորհանդէսը:

Ներկայացնելով ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան ինստիտուտի հետ համատեղ պատրաստուած թիւով 4-րդ «Գրական Սփիւռք» տարեգիրքը` ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան բարձր գնահատեց տարեգիրքին մէջ տեղ գտած հեղինակներու ընտրութիւնը: «Չնայած համացանցի շնորհիւ ստեղծուած շփման լայն հնարաւորութիւններին` հայաստանեան ընթերցողը քիչ բան գիտէ Սփիւռքում ստեղծագործող հեղինակների մասին, նաեւ հակառակը` Սփիւռքում լաւատեղեակ չեն հայրենի գրողների ստեղծագործութիւններից», -նշեց նախարարի տեղակալը:

Պարոն Սրապիոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գրականութեան ինստիտուտին եւ գիրքի խմբագրական կազմին` գրական Սփիւռքի հետ հաղորդակցման թերեւս միակ աղբիւրը` «Գրական Սփիւռք» տարեգիրքը որակեալ եւ բովանդակապէս հարուստ կազմելու համար:

Իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` տարեգիրքը կազմելու գործը ինստիտուտին վստահելու համար` Գրականութեան ինստիտուտի տնօրէն Աւիկ Իսահակեան նշեց, որ գիրքին մէջ ներառուած են աշխարհասփիւռ 15 հայ գրողի բանաստեղծութիւններ, արձակ երկեր, մէկ թատերգութիւն եւ գրականագիտական յօդուածներ սփիւռքահայ հեղինակներու եւ Սփիւռքի գրականութեան մասին:

Պարոն Իսահակեան առաջարկեց 2015 թուականին հրատարակուելիք տարեգիրքը նուիրել Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ գիրքին մէջ ներառել միայն Ցեղասպանութեան նուիրուած ստեղծագործութիւններ:

«Գրական Սփիւռք» տարեգիրքի խմբագիր Արմէն Աւանեսեան առաջարկեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող Սփիւռքահայ գրողներու համաժողովներուն հրաւիրել նաեւ տարեգիրքի խմբագրակազմէն` մասնակից գրողներու հետ անմիջական եւ անհրաժեշտ շփումներ հաստատելու նպատակով:

Այնուհետեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալը ներկայացուց երկրորդ գիրքը` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի համատեղ ստեղծած «Սփիւռքի գիտավերլուծական հանրութիւնը» հետազօտութիւնը: «Այն նուիրուած է Սփիւռքի գիտավերլուծական ներուժի բացայայտմանն ու գնահատմանը», – նշեց պարոն Սրապիոնեան` աւելցնելով, որ գիրքը կազմուած է խնամքով, եւ խմբագրակազմը կրցած է ժամանակին կատարել աշխատանքը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի գիտական ներուժի բացայայտման ուղղուած հետազօտական աշխատանքները հիմնադրամին վստահելու եւ թիւով 13-րդ հետազօտութիւնը պատուիրելու համար`  «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի հայագիտական կեդրոնի ղեկավար, թրքագէտ Արիստակէս Սիմաւորեան նշեց, որ կը փորձեն վերհանել արտերկրի ակադեմական կառոյցներուն մէջ աշխատող հայկական մտաւոր ուժերը, ձեւաւորուած է գիտավերլուծական աշխատանքով զբաղող սփիւռքահայ մասնագէտներու տուեալներու շտեմարան:

Հետազօտութեան առանցքային խնդիրներէն մէկը սփիւռքահայ մտաւոր ներուժի ուղղորդումն է ազգային խնդիրներու լուծման:

Scroll Up