Քեսապի Վրայ Յարձակած Ահաբեկիչները Ոչ Մէկ Կապ Չունին Իսլամի Հետ. Գատիրով
Չեչնիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռամզան Գատիրովը յայտարարած է, որ Սուրիոյ Քեսապ աւանի վրայ յարձակած ահաբեկիչները ոչ մէկ ընդհանուր բան չունին իսլամի հետ, կը գրէ ԻՏԱՌ ՏԱՍՍ գործակալութիւնը:
Բնակավայրը տեղակայուած է անմիջապէս Թուրքիոյ հետ սահմանին, եւ հէնց այդ երկրի տարածքէն սկսած են գրոհայիններու յարձակումները:
Instagram ծառայութեան Գատիրովը, մասնաւորապէս, նշած է. «Պաշտօնական տուեալներով` Քեսապի վրայ յարձակման մասնակցած են «Ալ Քայիտա» խմբաւորման գրոհայիններ, այսպէս կոչուած` «Ալ Նուսրայի ճակատ» եւ «Իսլամական ճակատ» խմբաւորումները: Ես ամբողջ պատասխանատուութեամբ, հիմնուած իրավիճակի վրայ, կը յայտարարեմ, որ այդ ահաբեկիչները ոչ մէկ ընդհանուր բան չունին իսլամի հետ: Անոնք մուսուլման չեն»:
Ան դժգոհած է, որ եւրոպական երկիրներու եւ ԱՄՆ-ի իշխանութիւնները կը լռեն:
«Որտե՞ղ է Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի ժողովրդավարութիւնը: Ինչու՞ անոնք կը լռեն: Ինչու՞ հարիւրաւոր տոլարներ, զէնք եւ յատուկ միջոցներ կը տրամադրեն գրոհայիններուն, որոնք դէմ են Սուրիոյ օրինական իշխանութիւններուն, կը սպաննեն կանանց, ծերերուն, երեխաներուն: Քանի՞ հազար սուրիացի դեռ պէտք է սպաննուի, որպէսզի ՆԱԹՕ-ի երկիրները դադրին ահաբեկիչներուն աջակցելէ»,- գրած է Գատիրով:
http://www.tert.am/