Վլատիմիր Սոլովիով Քեսապի Մասին. Ու՞ր Կը Նային ԱՄՆ-ն եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը. NEWS.am
Ռուս յայտնի հեռուստալրագրող Վլատիմիր Սոլովիովը անդրադարձած է սուրիական հայաբնակ Քեսապ քաղաքին: «Ու՞ր կը նային ԱՄՆ-ն եւ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը»,- գրած է ան Twitter-ի իր պլոկին մէջ:
«Եթէ համաշխարհային հանրութիւնը «Չի նկատէ» հայկական գիւղի գնդակահարութիւնը, ապա պէտք է ջնջել բոլոր այդ «ՄԱԿ» եւ նման այլ կազմակերպութիւնները»,-աւելցուցած է Սոլովիով:
Յիշեցնենք, որ մարտ 21-ի առտու կանուխ սուրիական ընդդիմութեան «Ճէպհաթ ան-Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորման ջոկատները չորս կողմէ լայնածաւալ յարձակում սկսած են Լաթաքիոյ ուղղութեամբ: Յարձակումը գործած են Թուրքիոյ տարածքէն:Աւելի առաջ սուրիական հայաբնակ Քեսապ քաղաքի բնակիչները դիմած էին ամբողջ աշխարհի հայութեան խնդրանքով դիմել իրենց երկիրներու կառավարութիւններուն, ՄԱԿ-ին կամ որեւէ այլ կազմակերպութեան տուեալ գործին միջամտելու համար:
NEWS.am