ԱԶԷՐՊԱՅՃԱՆ «ՇԱՏ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ» ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒՆ ԱՐՑԱԽ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻԼԸ
Ֆրանսական AFP լրատու գործակալութիւնը, անդրադառնալով ՄԱԿ-ի մէջ Ազէրպայճանի ներկայացուցիչ Ակշին Մեհտիեւի կողմէ Չորեքշաբթի՝ Հոկտեմբեր 2ին կատարուած յայտարարութեան, կը հաղորդէ, թէ Պաքու «շատ վտանգաւոր» կը նկատէ Սուրիահայերուն Արցախ վերաբնակեցումը:
Մեհտիեւ, որ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնը ստանձնած է, այս յայտարարութիւնը կատարած է Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ազէրպայճանի նախագահութեան նուիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Ըստ ազէրպայճանական APA լրատու գործակալութեան՝ Մեհտիեւ պնդած է. “Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ Սուրիահայերու վերաբնակեցումը միջազգային եւ մարդկային իրաւունքներու խախտում է: Գաղթականները կը վերաբնակեցուին ռազմական բռնագրաւման տակ գտնուող հողերու վրայ, ուրկէ տեղւոյն բնակիչները հարկադրաբար հեռացած են: Այն պահուն, երբ միջազգային հանրութիւնը սուրիական տագնապը լուծելու կարելիութիւնները կը քննէ, մարդկային տառապանքները կ՚օգտագործուին այլ տարածաշրջանի մը հակամարտութիւնը բարդացնելու համար”:
AFP տեղեկացուցած է, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՚ընդունին, որ մօտաւորապէս 10.000 Սուրիահայեր Հայաստան ապաստանած են, սակայն «սուտ եւ ապատեղեկատւութիւն» կ՚որակեն այն պնդումները, թէ Հայաստան կը փորձէ բոլոր Սուրիահայերը Արցախ փոխադրել:
Նոր Յառաջ