Դեսպան Կիրակոսեանի Ելոյթը ԵԱՀԿ Մշտական Խորհուրդին Մէջ

Մարտ 27-ին ԵԱՀԿ Մշտական Խորհուրդի հանդիպման Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Արման Կիրակոսեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ Քեսապի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ:

Խոր մտահոգութիւն յայտնելով Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին իրադրութեան կտրուկ սրման կապակցութեամբ` ՀՀ դեսպանը նշած է, որ Թուրքիոյ տարածքէն ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հայաբնակ Քեսապի վրայ տեղի ունեցած է յարձակում, որու արդիւնքով տարհանուած է քաղաքի բնակչութիւնը:

Դեսպան Կիրակոսեան ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին, որ ծայրահեղական խումբերու կողմէ բնակիչներու սեփականութեան հասցուած է զգալի կորուստներ, վնասուած են հայկական եկեղեցիները: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up