Ուրուկուէյի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Քեսապի Տեղահանութիւնն Ու Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Ապակայունացնող Քայլերը

Հարաւային Ամերիկայի Հայկական ազգային կոմիտէն վճռականօրէն կը դատապարտէ հայահոծ Քեսապի վրայ յարձակումը եւ կը մերժէ ցանկացած փորձ` շարունակելու 100 տարի առաջ Թուրքիոյ նախաձեռնած ցեղասպանութեան ծրագիրը: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին հաղորդեցին Ուրուկուէյի Հայ Դատի Յանձնախումբէն, 1915 թուականին Քեսապի ամբողջ բնակչութիւնը` մօտ 5 հազար մարդ, տեղահանուած  եւ սպանուած է: «Ներկայիս ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հետապնդումները դատարկած են քաղաքը իր պատմական բնակիչներէն, եւ Քեսապի հայութեան գլխուն վերստին կախուած է ոչնչացման վտանգը: Մենք կը ցանկանք տարածաշրջանի երկիրներու ղեկավարներու, միջազգային հանրութեան եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրել քաղաքի բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու եւ իրենց օճախները վերադառնալու հարցերուն, ինչպէս նաեւ դատապարտել սուրիական հակամարտութեան Թուրքիոյ ապակայունացնող միջամտութիւնը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Թուրք-սուրիական սահմանի մերձակայքը եւ Լաթաքիոյ հիւսիսային կողմը գտնուող հայկական հոծ բնակչութիւն ունեցող Քեսապ գիւղաքաղաքին վրայ յարձակումը սկսած է մարտ 21-ին, Թուրքիոյ սահմանի ութ կէտերէն: Տեղեկութիւններ հաղորդուած են, որ յարձակումը իրականացուցած են «Ճապհա ալ Նուսրա» եւ «Ճէյշ ալ Իսլամ» խմբաւորումները: Գիւղաքաղաքին մէջ բնակիչներ գրեթէ չեն մնացած, անոնք տեղափոխուած են առաւել ապահով վայրեր: Հայերու մեծամասնութիւնը ապաստան  գտած է Լաթաքիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ տարածքին մէջ գտնուող ազգային կառոյցներուն մէջ: Քեսապի հայաթափութիւնը համախմբած է համայն աշխարհի հայութեան ջանքերը:

ՀՀ Ազգային Ժողովի  խումբ մը պատգամաւորներ յայտարարութիւն ընդունած են վերջին օրերուն հայաշատ Քեսապ գիւղաքաղաքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ` միջազգային հանրութենէն պահանջելով ՄԱԿ-ի դիտորդներ ուղարկել այնտեղ:

Քեսապի հարցով մարտ 24-ին Հաագայի մէջ յայտարարութիւն ըրած է ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան` հայերու տեղահանութիւնը համարելով ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան 21-րդ դարու մեխանիզմներուն նետուած մարտահրաւէր: Մարտ 25-ին ՀՀ ԱԺ  խումբ մը պատգամաւորներ մեկնած են Սուրիա` Քեսապի իրադրութեան եւ հայութեան խնդիրներուն տեղուոյն վրայ ծանօթանալու համար:

Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը հանդիպած է Հայաստանէն ժամանած պատգամաւորներու խումբին:

armenpress.am

Scroll Up