Սուրիական Բանակը Վերագրաւած Է Քեսապի Շրջանի Էքիզոլուխ Հայկական Գիւղը

«Սուրիոյ մեր գործընկերները, վկայակոչելով արաբական որոշ աղբիւրներ, կը յայտնեն, որ սուրիական բանակը այսօր վերագրաւած է Քեսապին մերձակայ հայկական Էքիզոլուխ գիւղը եւ ռազմավարական որոշակի կարեւորութիւն ներկայացնող եւս մէկ յենակէտ: Նաեւ այն, որ կը շարունակուի սուրիական զօրքերու ստորաբաժանումներու կուտակումը դէպի Քեսապի շրջան, ուր ծանր բախումներ  տեղի կ’ունենան բանակի եւ զինեալներու միջեւ»,- այս մասին այսօր երեկոյեան «Հայերն այսօր»-ին  հեռակապով տեղեկացուց Լիբանանի «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

Գանտահարեան աւելցուց, որ երկկողմանի լրատուութիւնները, այնուամենայնիւ, որոշ վերապահութեամբ պէտք է ընդունել, մանաւանդ դիրքերու  գրաւումներու մասին, քանի որ (եւ ատիկա բնական է) պատերազմին զուգահեռ տեղեկատուական պատերազմը եւս կ’ընթանայ ամենաթէժ ձեւով,  որ կ’ենթադրէ,  հայ բնակչութեան մասին հաւաստի տեղեկութիւններ հնարաւոր է ստանալ բացառապէս տեղի հայկական լրատու աղբիւրներէն:

Scroll Up