«Հայկական ճարտարապետութիւն» խորագրով ցուցահանդէս Աթէնքի մէջ

Հայաստանի Փարաճանովի թանգարանի հիմնադիր եւ տնօրէն Զաւէն Սարգսեանի «Հայաստանի ճարտարապետութիւնը» լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ անցեալ Ուրբաթ 14 Մարտ 2014ին, Աթէնքի մշակութային սրահներէն «Մելինա» կեդրոնէն ներս:

Ցուցադրութիւնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 27 Մարտ 2014, կազմակերպուեցաւ Աթէնքի քաղաքապետարանի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան բաժանմունքի եւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կողմէ, Աթէնք-Երեւան բարեկամութեան եւ փոխադարձ համագործակցութեան նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս:

Բացման ներկայ գտնուեցան ՀՀ Յունաստանի մօտ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը, դեսպանորդ Մինաս Մարտիկեանը եւ դեսպանութեան անձնակազմը, Աթէնքի քաղաքապետարանի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան փոխ քաղաքապետ Նելի Փափախելա, Աթէնքի փոխ քաղաքապետ Սուլթանա Սփիրոփուլու, քաղաքապետարանի մշակութային հարցերու պատասխանատու անձեր, օտար դեսպանութեանց ներկայացուցիչներ, Յունա-Հայկական միութեան անդամներ, պոնտոսցի-ասորիներու ներկայացուցիչներ եւ մշակութասէր ժողովուրդ: Ներկայ էր նաեւ հելլէն խորհրդարանի նախկին նախագահ եւ երեսփոխան Ափոսթոլոս Գաքլամանիս:

Զաւէն Սարգսեան խօսած է հայկական մշակոյթի մէջ ճարտարապետութեան իւրայատուկ դիրքի մասին, հայերը բնորոշելով որպէս ազդեցիկ արտադրողներ, որոնք սրամտութեամբ եւ հնարամտութեամբ բարձր որակի եւ ճաշակի ստեղծագործութիւններ կատարած են: «Պատահական չէ երեւոյթը, որ բազմաթիւ յուշարձաններ գոյատեւած են մինչեւ մեր օրերը, իրենց ներկայութեամբ ցոյց տալով հայ ազգի եւ հայ ստեղծագործող մտքի դասական արժանապատուութիւնն ու պատրաստակամութիւնը, մարդու ու բնութեան գործած ոչնչացման դէմ մշտական պայքարին ընդմէջէն»:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են աւելի քան 40 լուսանկարներ, որոնց միջոցաւ հանդիսատեսը կ’ըմբոշխնէ հայոց ճարտարապետութեան նմուշները եւ իւրայատկութիւնները, որպէս հայկական մշակոյթի կարեւոր ու գերակշռող մաս: Ճարտարապետական նմուշներուն ընդմէջէն ի յայտ կուգայ հայ ազգի ստեղծագործական ոգին եւ ներշնչումը, որ եզակի գոհարներու կը վերածէ քարն ու շինարարանիւթը:

Ցուցահանդէսի բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է ՀՀ դեսպանը, գնահատելով ցուցադրուած լուսանկարներու արժէքը, որոնց միջոցաւ հայ մշակոյթը կը հրամցուի յոյն հանդիսատեսին:

www.azator.gr

zaven 3_18-3-14 zaven 1_18-3-14

Scroll Up