Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ «Աստուածային Կատակերգութիւն»ը
5 ամսուան հետեւողական փորձերէ ետք, այս շաբաթավերջին Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը հանրութեան պիտի ներկայանայ «Աստուածային կատակերգութիւն» թատերախաղով, բեմադրութեամբ` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:
Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, ուր արդէն իսկ երէկուընէ սկսեալ դերասանները բեմադրիչին շուրջ համախմբուած սկսան փորձերը կատարել բեմին վրայ:
Արդարեւ, ուրբաթ, 23, շաբաթ, 24, կիրակի, 25, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 30, շաբաթ, 31 մայիսին եւ կիրակի, 1 յունիսին, լիբանանահայ թատերասէր հասարակութիւնը ժամադրուած է «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին հետ` ըմբոշխնելու համար այս թատերախաղի ներկայացումը: