Պուլկարահայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահը Իր Երախտագիտութիւնը Յայտնած Է Զուիցերիոյ Դեսպանին

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ հոգեշնորհ Տ. Աբգար վարդապետ Յովակիմեան պաշտօնական նամակով` ուղղուած Պուլկարիոյ մէջ Զուիցերիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տ-ն Ռեկինա Էշերին, պուլկարահայ համայնքի անունէն իր երախտագիտութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնած է Զուիցերիոյ կառավարութեան որոշման առիթով, որով ՄԻԵԴ Գերագոյն պալատին մէջ պիտի բողոքարկուի Փէրինչէքի գործով Եւրոպական դատարանի տխրահռչակ որոշումը,- այս մասին կը տեղեկացնեն Պուլկարահայոց թեմի մամլոյ դիւանէն:

«Սոյն գրութեամբ, ի դէմս Ձեզ` Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ Հայոց թեմի անունէն մեր երախագիտութիւնն  ու գոհունակութիւնը կը յայտնենք Զուիցերիոյ կառավարութեան վերոյիշեալ որոշման կապակցութեամբ»,- ըսուած է նամակին մէջ:

Հոգեշնորհ հայր սուրբը կ’ողջունէ Զուիցերիոյ կառավարութեան կեցուածքը Ցեղասպանութեան մերժողականութեան դէմ: «Զուիցերիոյ կառավարութեան նման որոշումը ցոյց կու տայ անոր կեցուածքը Ցեղասպանութեան մերժողականութեան դէմ` յանուն խտրականութեան ու անհանդուրժողականութեան վերացման եւ ընդդէմ մարդկութեան յանցագործութիւններու կանխման»,- իր նամակին մէջ կը նշէ առաջնորդական տեղապահը:

 Գրութեան վերջաւորութեան հոգեշնորհ հայր Աբգար վարդապետը իր օրհնութիւնները  փոխանցած է եղբայրական Զուիցերիոյ ժողովուրդին, կառավարութեան եւ անձամբ Նորին գերազանցութիւն դեսպան տ-ն Ռեկինա Էշերին:

«Կանթեղ Արարատեան»
Հայկական Տեղեկատուական Կայք (ՊՈՒԼկԱՐԻԱ)

Scroll Up