Խաչքար Ֆրանսայի Մէջ` Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 Տարի Անց
Նոյեմբեր 27-ին Ֆրանսայի Թրուա քաղաքի Շեւրոզի այգիին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւն: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ canal32.fr կայք-էջէն:
Խաչքարի բացման ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, ծերակուտական-քաղաքապետ Ֆրանսուա Պարուան եւ հայ համայնքի շուրջ 150 ներկայացուցիչներ, հիւրեր: