ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց «Հալէպ» Հայրենակցական, Բարեսիրական հ/կ Անդամները

Մարտ 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Հալէպ» հայրենակցական, բարեսիրական հ/կ անդամները:

Հանդիպման ընթացքին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց նման կազմակերպութեան հիմնումը եւ նշեց, որ սուրիահայերը, հաստատուելով Հայաստանի մէջ, աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն հասարակական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ` ձեւաւորելով սպասարկման նոր մշակոյթ: Անոնք իրենց աշխատասիրութեամբ, բանիմացութեամբ, համեստութեամբ բերած են նոր ձեռագիր, որ տեսանելի է ամէնուր:

«Հալէպ» հայրենակցական, բարեսիրական հ/կ նախագահ Անի Պալըխեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարին սուրիահայերու հիմնախնդիրները օրակարգին վրայ պահելու եւ ցուցաբերած աջակցութեան համար` նշելով, որ իրենք խորապէս կը գիտակցին Հայաստանի առջեւ ծառացած դժուարութիւնները` կապուած Հայրենիքի մէջ ապաստանած սուրիահայերու խնդիրներուն հետ: Ան բարձր գնահատեց Հայոց պետութեան օժանդակութիւնը սուրիահայերուն:

Scroll Up