Կայացաւ Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Միջգերատեսչական Յանձնաժողովի Հերթական Նիստը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/11/5-6.jpg)
Նոյեմբեր 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը:
Մինչ յանձնաժողովի նիստի սկսիլը ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ԱՄՆ-ի հայ ոսկերիչներու միութեան հիմնադիր Սարգիս Գրիգոր Նուրեանին յանձնեց ՀՀ Նախագահի հրամանագրով շնորհուած ՀՀ քաղաքացիութեան անձնագիրը:
Սուրիահայերու աջակցութեան ծրագիրներուն մասին զեկոյցով հանդէս եկաւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար Քրիստոֆ Պիերուիրթը:
Սուրիահայերու մասնագիտական վերապատրաստման եւ աշխատանքի տեղաւորման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները ներկայացուց ՀՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարարութեան «Զբաղուածութեան պետական ծառայութիւն» գործակալութեան պետի տեղակալ Գարիկ Սահակեան:
ՀՀ ԿԱՅ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետի տեղակալ Արսէն Համբարձումեան ներկայացուց աշխատանքները ՀՀ քաղաքացիութեան եւ կացութեան կարգավիճակ ստացած սուրիահայերու վերաբերեալ:
«Նոր Հալէպ» բնակարանաշինութեան ծրագիրի ընթացիկ աշխատանքներուն մասին զեկուցեց Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Տիգրան Բարսեղեան:
Նշուեցաւ, որ աւարտած են տեղանքի երկրաբանա-հետախուզական աշխատանքները, որուն հիման վրայ օրերս աւարտին կը հասցուին թաղամասի նախագծման աշխատանքները:
Ամփոփելով նիստը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց որ սուրիահայերու համար առաջնահերթ խնդիր կը մնայ կացարանով ապահովելու եւ աշխատանքի տեղաւորման հարցերը, որուն մասին պէտք է մտածեն եւ իրենց ներդրումն ունենան ինչպէս Հայաստանի քաղաքացիները եւ գերատեսչական կառոյցները, այնպէս ալ Սփիւռքի մեր հայրենակիցները եւ կազմակերպութիւնները: