Սումկայիթեան Ջարդերու 26-Ամեայ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ Վարշաւայի Մէջ

Փետրուար 28-ին Վարշաւայի Սատիպա թաղամասին մէջ գտնուող «Հայկական այգիին» մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ Լեհաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Տ. Տաճատ Աբեղայ Ծատուրեանի կողմէ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` նուիրուած Սումկայիթի եղեռնագործութեան զոհերու եւ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին:

 Ներկաներուն ուղղուած խօսքով հանդէս եկաւ Տ. Տաճատ Աբեղայ Ծատուրեան` դատապարտելով հայ ժողովուրդի նկատմամբ կատարուած ոճրագործութիւնները եւ կարեւոր համարելով այսուհետ հայ ազգի համար միայն զարգանալու եւ նորանոր ձեռքբերումներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը:

Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ Լեհաստանի մօտ ՀՀ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տիգրան Վարդանեան, որ, մասնաւորապէս, ընդգծեց  լեհ հասարակութեան Սումկայիթի ջարդերու, Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան այլ ողբերգական իրադարձութիւնները ճիշդ ներկայացնելու կարեւորութիւնը:

Ապա ներկաներու կողմէ տեղի ունեցաւ մոմավառութեան արարողութիւն եւ
ծաղիկներ զետեղուեցան խաչքարին առջեւ:

Scroll Up