Ջաւախահայութեան Ձայնը` Ուղղուած Վրաստանի Մէջ Գտնուող ՀՀ Խորհրդարանական Պատուիրակութեան

Մեզի յուզող հարցերը շատ են, սակայն առաջնային եւ ամէնահրատապ հարցերէն մէկը կը վերաբերի վրացական օրէնքներու փոփոխութիւններով սահմանուած օտարերկրացիներու կացութեան եւ կարգավիճակային հարցերուն: Յայտնի է, որ Սեպտեմբեր մէկին գործող նոր օրէնքով ՀՀ (եւ շարք մը այլ երկիրներու) քաղաքացիներ Վրաստանի տարածքին մէջ կրնան գտնուիլ վեցամսեայ ժամկէտով առաւելագոյնը 90 օր, այդպիսով անոնք տարուան մէջ կրնան մնալ Վրաստանի մէջ առաւելագոյնը 180 օր, այն ալ ոչ միաժամանակ, այլ իննսունօրեայ ընդմիջմամբ:

Գաղտնիք չէ, որ բազմահազար ջաւախահայեր դէպի ՌԴ արտագնայ աշխատանքի մեկնելու համար յատկապէս 2000-ական թթ. ետք հրաժարած են Վրաստանի քաղաքացիութենէն եւ ձեռք բերած ՀՀ կամ ՌԴ քաղաքացիութիւն: Մեծ թիւ կը կազմեն նաեւ այն ջաւախահայերը, որոնք երկքաղաքացիութեան օրէնքի ի յայտ գալով` ՀՀ-ի մէջ ստացած են երկրորդ քաղաքացիութիւն, իրենց այդ երկրորդ անձնագիրը օգտագործած են ցամաքային ճանապարհով դէպի ՌԴ մեկնելու համար, անով, փաստօրէն, բացայայտուած են Վրաստանի համապատասխան գերատեսչութիւններու կողմէ եւ արագօրէն զրկուած Վրաստանի քաղաքացիութենէն: Հետեւաբար` տասնեակ հազարաւոր ջաւախահայեր այժմ, կրելով այլ պետութեան անձնագիր, սեփական տան մէջ յայտնուած են հիւրի կարգավիճակով:

Կը յայտնենք, որ վրացական իշխանութիւններու այն հաւաստիացումները, թէ այդպիսի կարգավիճակի մէջ գտնուող մարդիկ հեշտութեամբ կը ստանան մշտական կացութեան իրաւունք եւ կը շարունակեն ապրիլ իրենց տուներուն մէջ, բոլորովին չի համապատասխաներ իրականութեան, եւ հէնց այստեղ է ողբերգութիւնը, որ բազմահազար ջաւախահայեր, ստանալով կացութեան կարգավիճակի մասին դիմումի մերժում, յայտնուած են սեփական յարկի տակ ապրելու իրաւունքէն զրկուելու վտանգին առջեւ:

Վերոնկարագրեալը առաջին հայեացքէն սովորական օրէնսդրական փոփոխութեամբ յառաջացած դժուարութիւն չէ: Այս փոփոխութիւնը քաղաքակիրթ ձեւով տեղահանում է ջաւախահայութեան մեծագոյն հատուածին, քանի որ ընտանիքը, որուն տղամարդը կը հեռանայ սեփական օճախէն, պարզ է, որ այլեւս չի կրնար ապահովել իր կենսագործունէութիւնը, իսկ այդպիսի ընտանիքներն արագօրէն պիտի լքեն իրենց բնակավայրերը:

Ոեւէ ջաւախահայ, սեփական քմահաճութենէն կամ այլ ինչ-ինչ հանգամանքներէ ելլելով, չի հրաժարիր Վրաստանի քաղաքացիութենէն: Պատճառը պարզ է, եւ ատիկա մէկն է. հանապազօրեայ հացի խնդիրն է , որ պարտադրած է: Փոխարէնը բազմահազար ջաւախահայեր, այդ ճանապարհով աշխատելով արտերկրի մէջ, միլիոնաւոր տոլարներ  բերած են Վրաստան, որ խոշոր ներդրում կը հանդիսանայ տնտեսապէս վատթար վիճակի մէջ գտնուող մեր երկրին համար: Այդպիսով` այլ երկրի անձնագիր ունեցող ջաւախահայերը ոչ թէ անվստահելի օտարերկրացիներ են (ինչպէս ատիկա կ’ընկալենք մենք` ստանալով կացութեան կարգավիճակի մերժումներ), այլ Վրաստան պետութեան եւ երկրի տնտեսութեան իսկական նուիրեալ մարդիկ, որոնք այս պահուն  պատրաստ են ետ վերականգնելու իրենց վրացական քաղաքացիութիւնը, եթէ հնարաւոր ըլլայ առանց արտագնայ աշխատանքի մեկնելու հայթայթել իրենց ապրուստը Վրաստանի մէջ:

Կը խնդրենք եւ կը պահանջենք, որպէսզի մեր երկրի` Վրաստանի իշխանութիւններու հետ բանակցութիւններուն հասնիք անոր, որ բոլոր ջաւախահայերուն անխտիր, անկախ իրենց քաղաքական հայեացքներէն, տարիքէն կամ այլ տարբերանշաններէ, տրուի կացութեան իրաւունքի փաստաթուղթ, որով վերջիններս կարենան շարունակել ապրիլ եւ արարել իրենց հարազատ ընտանիքներուն մէջ:

Խումբ մը ջաւախահայ մտաւորականներ
06 Հոկտեմբեր, 2014 թ.
ք. Ախալքալաք

 

Scroll Up