ԼՂՀ մշակոյթի նախարարի հանդիպումը հելլէն խորհրդարանի Հայաստան-Յունաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբին հետ

Աթէնք իր այցելութեան առիթով, ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեան այցելութիւն մը տուաւ հելլէն խորհրդարան, ուր ընդունուեցաւ Հայաստան-Յունաստան խորհրդարանական խումբի նախագահ, հելլէն խորհրդարանի նախկին նախագահ Ափոսթոլոս Գաքլամանիսի եւ խումբի անդամներ՝ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի, Միխ. Թամիլոսի, Ծենի Վամվաքայի եւ Մարիոս Ուզունիտիսի կողմէ:

Տիկին նախարարուհիին կ’ուղեկցէին ՀՀ դեսպանորդ Մինաս Մարտիկեանը եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ ընկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան եւ ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեան:

Մօտ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը կայացաւ շատ ջերմ ու ընկերային մթնոլորտի մէջ:
Զրոյց ծաւալեցաւ ԼՂՀ ներկայ իրավիճակի, Ատրպէյճանի ապակառուցողական կեցուածքին շուրջ: Տիկին նախարարուհին շեշտեց թէ կարգաւորման գործընթացի արդիւնաւէտութեան բարձրացումը ուղղակիօրէն կապուած է բանակցութիւններու գործընթացին մէջ Արցախի մասնակցութեան հարցին եւ ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդրի հանգուցալուծման ուղղութեամբ տարուած ջանքերը:

http://www.azator.gr/

aghabalian narine - kaklamanis_28-2-14 aghabalian narine - kaklamanis1_28-2-14

Scroll Up