Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց «Բարնաբաս» Միջազգային, Միջեկեղեցական Քիրստոնէական Օգնութեան Հիմնադրամի Տնօրէն Փատրիկ Սուխդէոն

Փետրուար 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Բարնաբաս» միջազգային, միջեկեղեցական քիրստոնէական օգնութեան հիմնադրամի տնօրէն եպիսկոպոս Փատրիկ Սուխդէոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի փոխնախագահ Ալեքսան Քարատանայեանը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց հիւրերը Հայաստանի մէջ` գնահատելով հիմնադրամի գործունէութիւնը: Նախարարը ներկայացուց Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու կացութեան կարգավիճակի, քաղաքացիութեան ձեռքբերման, կրթական, ընկերային, առողջապահական հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ տարուող աշխատանքները` մատնանշելով, որ սուրիահայերու համար դեռեւս առաջնային կը մնան աշխատանքի տեղաւորման եւ բնակարաններու ձեռքբերման խնդիրները: Հիւրերուն ներկայացուեցաւ նաեւ սուրիահայերու համար «Նոր Հալէպ» բնակարանաշինութեան ծրագիրը:

«Բարնաբաս» հիմնադրամի տնօրէն Փատրիկ Սուխդէոն գոհունակութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուելու առիթով եւ ներկայացուց հիմնադրամի գործունէութիւնը: «Բարնաբասը» հիմնադրուած է 1993թ եւ կը զբաղի հաւատքի պատճառով հալածուած եւ խտրականութեան զոհ դարձածներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ եւ օգնութեամբ աշխարհի մօտ 50 երկրի մէջ: Փատրիկ Սուխդէոն մասնաւորապէս ներկայացուց Սուրիոյ մէջ պատերազմի ընթացքին հալածանքի ենթարկուող քրիստոնեաներուն օգնութիւն ցուցաբերելու իրենց ջանքերը: Այս նպատակով հիմնադրամը միջնորդութիւն  ներկայացուցած է արեւմտեան երկիրներու կառավարութիւններուն` միջամտելու սուրիական եկեղեցիներու դէմ ուղղուած հալածանքներուն վերջ տալու համար:

Երկուստեք կարեւոր համարելով պատերազմի հետեւանքով տուժած սուրիահայերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը` կողմերը յետագայ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեցին:

Scroll Up