Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Յարութ Փամպուքճեանի Երգահանդէս` Ի Նպաստ Սուրիահայութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/harout-420x280.jpg)
Երէկ` երեքշաբթի, 7 յունուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երգահանդէսով ելոյթ ունեցաւ Յարութ Փամպուքճեան:
Երգահանդէսին բացումը կատարեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ ի տես սուրիահայ գաղութի դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմաններուն, չենք կրնար անտարբեր մնալ սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն նկատմամբ: Ինչպէս նախապէս անոնք օգնեցին մեզի, մենք ալ հիմա օգնութեան պէտք է հասնինք իրենց: Ապա Սարգիս Կիրակոսեան հրաւիրեց երգիչ Յարութ Փամպուքճեանը:
Յարութ Փամպուքճեանի սոյն երգահանդէսը նուիրուած էր սուրիահայութեան օժանդակութեան: Սրահի մուտքին տրամադրուած էին օժանդակութեան յատուկ կտրօններ, որոնց հասոյթը յատկացուեցաւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինին: Յարութ Փամպուքճեան իր երգերով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց ներկաներուն մօտ: Յարութ Փամպուքճեան իր կարգին նշեց, որ հայրենիքէն դուրս կայ երկրորդ Հայաստան մը, որ լիբանանահայ գաղութն է: Իր ծնողները Լիբանանէն ներգաղթած են Հայաստան, եւ իր հայրը միշտ ըսած է իրեն, որ կայ կազմակերպութիւն մը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ պաշտպանած է հայութեան բովանդակ շահերը: Այս իրականութեան ան ականատես եղած է, երբ դուրս եկած է Հայաստանէն: Այս խօսքերէն ետք Յարութ Փամպուքճեան անցաւ ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբանման, որով ներկաներու խանդավառութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին: