Սուրբ Զատկուան Պատանեկան Հաւկթամարտ Գամիշլիի Մէջ. լուսանկարներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/կամիշլի-300x225.jpg)
Երեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2017-ի կէսօրէ ետք ժամը 17։00-ին, Հոգշ. Դոկտ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեան՝ ընկերակցութեամբ Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ թաղականութեան Ատենապետ Տոքթ. Անդրանիկ Սարգիսեանի եւ Գամիշլիի Ազգային պատասխանատու Պրն. Խաչիկ Մելքոնեանի հետ ուղղուեցան դէպի Ազգ. Կիւլպէնկեան սրահ՝ ներկայ գտնուելու պատանեկան յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած Սուրբ Զատկուան յայտագիրին ու հաւկթախաղին: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին, արձանագրած է Դոկտ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեան։
Աւարտին, Հայր Սուրբը խօսք առաւ եւ վերջաւորութեան փակեց սոյն ձեռնարկը Տէրունական աղօթքով եւ պահպանիչով: