Հալէպահայութեան Առօրեայէն. Հրասանդի Հրթիռի Պայթումի Պատճառով Քանդուած Է Շէնքի Մը Տանիքին Մէկ Մասը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/1525004-420x198.jpg)
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ ուրբաթ, 3 յունուար 2014-ի յետմիջօրէին, Հալէպի հայահոծ Սիւլէյմանիէի մայր փողոցին վրայ գտնուող շէնքի մը վրայ հրասանդի հրթիռ մը ինկած էր: Հրասանդի հրթիռի պայթումին պատճառով քանդուած էր շէնքի տանիքէն մաս մը:
Սիւլէյմանիէ Շրջանի Բնակիչներուն Համար
«Կիւլպէնկեան» Վարժարանէն Ջրամատակարարում
Տեղի Կ՛ունենայ
Կիրակի, 5 յունուար 2014-ին, 3 օր շարունակ Հալէպի մէջ առկայ էր ջուրի եւ ելեկտրականութեան լուրջ խնդիր:
Վերոնշեալ մեկնակէտէն, Սիւլէյմանիէ շրջանի բնակիչներուն համար Ազգային «Կիւլպէնկեան» վարժարանէն ջուրի մատակարարում տեղի կ՛ունենայ:
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը կարելին կ’ընէ կացութիւնը բնականոն վիճակին վերադարձնելու, կը յայտնէ «Բերիոյ նիուզ»: