Հալէպի Մէջ Ջուրն Ու Ելեկտրականութիւնը Միանալ Սկսան

16 օրուան ջուրի եւ ելեկտրականութեան ամբողջական անջատումէն ետք, Հալէպի մէջ աստիճանաբար միանալ սկսաւ ելեկտրական հոսանքը, որուն յաջորդեց ջուրի հոսանքին միացումը որոշ շրջաններ։ Կը սպասուի ջուրի հոսանքին ամբողջական միացումը քաղաքի բոլոր շրջաններուն։ Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:
Անցնող օրերուն, Հալէպի բնակչութիւնը ապրեցաւ տառապալի օրեր՝ ջրհորներէն ջուրեր կրելով եւ օրական դրութեամբ ըմպելի ջուր գնելով։ Ընթացքին քաղաքի եկեղեցիներէն, մզկիթներէն, հայկական թէ տեղական կեդրոններէն ջրհորներու ջուր մատակարարուեցաւ բնակչութեան։

Scroll Up