Հալէպի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-Րդ Տարելիցին Նուիրուած Քայլարշաւ Եւ Ծաղկեմատոյց

«Գանձասար»- Հայ Երիտասարդաց Միութեան կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած աւանդական քայլարշաւն ու ծաղկեմատոյցը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2019-ի միջօրէի ժամը 12:00-ին։

Պայքարի ու պահանջատիրութեան լօզունքներով սկիզբ առած քայլարշաւը սկսաւ ԱՄԺ Տունէն հասնելով Ս.Աստուածածին եկեղեցի:

Քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՍՕԽ-ի, Համազգայինի,ՍԵՄ-ի, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան հարիւրաւոր անդամները, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու փողերախումբը։

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց։

Ծաղկեպսակներ զետեղեցին թեմիս հայ երեք համայնքապետները, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, հիւպատոսութեան Հալէպի մարդասիրական առաքելութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ խորհրդարանի Հալէպի երեսփոխաններ, Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչներ, վերոնշեալ հայկական միութիւններու, Հալէպի «Պաաս» եւ «Ազգային» արաբական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, Հալէպի նահանգապետարանի ներկայացուցիչը, Սուրիոյ Ոսկերիչներու Մութեան,Հայ Երիտասարդաց Միութեան եւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ։

Scroll Up