Լաթաքիոյ Ազգ.Սրբոց Նահատակաց Վարժարանի Աշակերտութիւնը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցը

Ուրբաթ, 21 Ապրիլ 2017ի առաւօտեան, Ազգ .Սրբոց Նահատակաց վարժարանի աշակերտութիւնը, համախմբուելով Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցը:
Ոգեկոչական հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Ռիթա Կաղեան Տիքպիքեան, որ յետադարձ ակնարկով մը ներկայացուց Թուրքիոյ գործադրած ճիւաղային ոճիրին դրդապատճառներն ու նպատակը, ապա յարեց թէ հայ աշակերտը իր աշխատասիրութեամբ, ազգասիրութեամբ, հայրենասիրութեամբ ու յանձնառութեամբ նպաստած կ’ըլլայ Հայ Դատի աշխատանքներուն:
Գեղարուեստական յայտագիրը պատրաստած էին վարժարանիս շաբաթօրեայ լսարանի ասմունքի դասընթացքի հետևող աշակերտներն ու աշակերտուհիները , որոնք տպաւորիչ առոգանութեամբ արտասանեցին մեր տաղանդաւոր բանաստեղծներու հրաշալի ստեղծագործութիւնները :
Ներկաները մեծ հաճոյքով ունկնդրեցին Ճորճ Մէտէնիի ջութակով նուագած «Կիլիկիա» մաղթերգը:
Հուսկ, Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Ա. Քահանայ Միքայէլեան օրուան պատգամը տուաւ:
Քահանայ հայրը նկատել տուաւ, որ հարկ է պատմութենէն դասեր քաղել, երբեք չվստահիլ օտարին, մեր ձայնը լսելի դարձնել ամբողջ աշխարհին և սեփական ուժով վերատիրանալ մեր պապենական արդար իրաւունքներուն:
Աւարտին հայերէն լեզուի և կրօնի գերազանց աշակերտները տնօրէնութեան և հոգաբարձական կազմի որոշումով պարգեւատրուեցան քահանայ հօր ձեռամբ:
Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար: