Եկէ՛ք յիշենք, յիշեցնենք եւ պահանջենք անոնց ու մեր իրաւունքները՝ լաւատեսութեամբ յուսադրուած եւ յաղթանակի տեսիլքով

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական ճիգերու լարումին եւ գործնականացման խանդավառութենէն ետք, մեր ազգի նկարագրային թերութեան մաս կազմող «կարճ յիշողութիւն»ը դարձեալ մոռացման ու անոր հետեւանքով անտարբեր կեցուածքներու եւ հոգեվիճակներու մէջ կը դնէ մեր ժողովուրդը:

Հայ ժողովուրդի դարաւոր փորձառութեամբ հաստատուած իրականութիւն Է, որ մենք յաճախ եւ դիւրութեամբ կը մոռնանք ո՛չ միայն մեզի պատահածները, այլ նաեւ՝ մեր պարտաւորութիւնները: Անցնող տարիներուն, հայոց նահատակներու ոգեկոչական հանդիսութիւնները բարձրացան հաւաքական սրբադասումով գործադրելի արարողակարգի մը, եւ այն մտավախութիւնը, որ գոյութիւն ունէր սրբադասման որոշումին ընթացքին, այնպէս կը թուի թէ աստիճանաբար իրականութեան կը վերածուի. մեր «ողբալու» զգացականութիւնը կը դժուարանայ հաշտուիլ մեր զոհերը սրբադասուած յաղթական նահատակներու վերածուած տեսնելու: Մարդիկ «շփոթած» վիճակի մէջ կը գտնուին, երբ կը հարցնեն oրինակ, թէ 23 Ապրիլի երեկոյեան առանց հոգեհանգստեան պաշտoնի ինչպԷ՞ս ոգեկոչման արարողութիւն կամ ձեռնարկ պիտի կազմակերպենք: Երբ ոգեկոչում կ’ըսենք, կը հասկնա՞նք թէ մեզմէ մեկնած (բնական մահով կամ սպանդով) սիրելիներուն յիշատակը ոգեղէն իմաստով մեր մտքին, զգացումին, այլ բացատրութեամբ՝ հոգեխառնութեան մէջ կ’առնենք:

Երբ դպրոցական գրասեղանէն մինչեւ կեանքի հասունացման, գիտակցութեան բարձրացման եւ փորձառութեան ձեռքբերման ընթացքին կը խoսինք «հայ հոգի»ին մասին, արդեoք հոգեհանգստեան արարողութեամբ զայն կ’իրագործե՞նք մեր կեանքին ու առoրեային մԷջ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ողջ ժողովուրդ մը «կը յիշենք եւ կը պահանջենք» աղաղակեց, սակայն հսկայածաւալ ձեռնարկներու գործադրութենԷն ետք, մոռացման եւ անտարբերութեան մահաքունի մէջ մտնելու երեւոյթներ կը ցցեն իրենց գլուխը եւ նոր սերունդի պահանջատիրական դաստիարակութեան մԷջ անտարբերութեան ախտանշաններ բացայայտ կը դառնան:

Մեր պատմութեան վերջին 100-ամեակը, որեւէ ժամանակէ աւելի յատկանշուած է, եւ պիտի մնայ, պահանջատիրական դարաշրջան: Մենք իրաւունքը եւ պարտաւորութիւնը ունինք յիշելու մեր ցեղին գոյութեան սպառնացող 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, ոգեկոչելու կրoնական-եկեղեցական իւրայատուկ ձեւերով, նախաձեռնելու ցուցական երթեր կամ նստացոյցեր, դպրոցներէն ներս բացատրելու մարդու գազանացման իրականութեան եւ անոր դէմ պայքարելու եղանակներուն մասին, փակելու գործատեղիները, դադրեցնելու ընթացիկ՝ սովորական բոլոր տեսակի «գործ»երը, համախմբուելու ազգային-եկեղեցական կառոյցներուն եւ կոչերուն շուրջ, 24 Ապրիլին ոչ սովորական կամ ձեւական լռութեան պահ ունենալու, որուն մէջ  վերազoրանալու երկնքի բնակիչ մեր սուրբ նահատակներուն ոգեշնչող ներկայութեամբ, անոնց բարեխoսական աղoթքներով, անոնց նկատմամբ մեր ցուցաբերած ամենախորունկ երախտագիտական արտայայտութիւններով, որովհետեւ հակառակ բնաջնջումի մեքենային յաջողութեանց, դուն եւ ես, մեր ազգը ամբողջ վերապրեցաւ եւ կը շարունակէ բռնաբարուած իրաւունքներու պահանջատէր գոյերթը:

Այսoր, Ապրիլ 24, Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարեդարձն է: Միասնաբար պիտի խոնարհինք ձեր, նահատակ քոյրեր եւ եղբայրներ, պանծալի յիշատակին, լուսափայլ յարութեան դիմաց, Տիրոջմով զօրացած, պիտի շարունակենք մեր երթը՝ մարդկութեան փրկութեան, բարութեան եւ արդարութեան յաղթանակին համար: Առաքեալին պատգամն է. «Ժամանակն է, որ քունը թօթափենք եւ արթննանք… գիշերը ահա կ’անցնի եւ ցերեկը մօտ է… լոյսի զէնքերը մեր վրայ առնենք, ապրելու համար այնպէս, ինչպէս վայել Է լոյսի մԷջ քալողներուն» (Հռ 13.11-13):

Եկէ՛ք յիշենք, յիշեցնենք եւ պահանջենք անոնց ու մեր իրաւունքները՝ լաւատեսութեամբ յուսադրուած եւ յաղթանակի տեսիլքով:

Շահան Արք. Սարգիսեան

Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմին

Scroll Up