«Իր Պատմական Հայրենիքէն Զրկուած Հայը Կրցաւ Դառնալ Հայաստան Պետութեան Դեսպանն Ամէնուր». Բաբգէն Տէր Գրիգորեան

ՀՀ Սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի ուղերձը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան կապակցութեամբ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր ապրիլի 24-ն է, եւ մենք կ՛ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Այսօր մենք, ինչպէս եւ շատ շատերն ամբողջ աշխարհի մէջ, գլուխ կը խոնարհինք եւ կը յիշենք 104 տարի առաջ կատարուած համամարդկային ողբերգութիւնը, որ հայ ժողովուրդը կրցաւ վերապրիլ` աշխարհասփիւռ դառնալով եւ երկրագունդի ամէն անկիւնի մէջ կառուցելով իր տունը, շէնացնելով իր բնակութեան վայրը, պահպանելով ինքնութիւնը, լեզուն, կրօնը, կապը հայրենիքին հետ: Իր պատմական հայրենիքէն զրկուած հայը կրցաւ դառնալ Հայաստան պետութեան դեսպանն ամէնուր` աչքի իյնալով իր աշխատասիրութեամբ, ազնուութեամբ, նուիրուածութեամբ: Կրակէն, մոխիրներէն, արիւնէն վտարանդի հայը կրցաւ կրկին արմատ դնել ու ապրիլը դարձնել ապրելու ու յաղթելու ամիս:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Ձեզմէ շատերը Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու շառաւիղներն են, ամէն մէկն իր ընտանիքի պատմութիւնն ու ոդիսականն ունի: Այսօր մենք կը ցանկանք սփիւռքի հետ համահայկական օրակարգ մշակել, որուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացն առանցքային տեղ պիտի ունենայ: Այդ գործընթացին հայկական սփիւռքի դերն անգնահատելի է:

Այսօր մեր երախտիքի խօսքը անգամ մը եւս ըսենք բոլոր այն անհատներուն ու ժողովուրդներուն, որ գրկաբաց ընդունեցին Հայոց ցեղասպանութեան գաղթական զաւակներուն: Այսօր եկէք շնորհակալ ըլլանք բոլոր անոնց, որոնք աշխարհի շատ ու շատ երկիրներու մէջ կը հասկնան մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու կանխարգելման կարեւորութիւնը եւ մեր կողքին են այդ պայքարին մէջ: Մենք պիտի պաշտպանենք մեր արդար դատը եւ միջազգային ատեաններու մէջ պիտի պայքարինք ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, այնպէս ալ ցեղասպանութիւն յանցագործութեան կանխարգելման ու պատժման համար:
Այս օրը մեզի համար յատուկ խորհուրդ ունի: Այն նախ եւ առաջ մեզի կը պատգամէ միասին զարգացնել մեր պետութիւնը, քալել կողք կողքի, աջակից ու սատար ըլլալ իրար, արժանի քաղաքացի ըլլալ ու պահպանել սեփական ինքնութիւնը սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ:

Scroll Up