Մեկնարկեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Եւ 11-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական Բանակումը

Յուլիս 19-29 Հայաստանի մէջ մեծ շուքով կը նշուի ՀՄԸՄ-ի մէկդարեայ յոբելեանը` ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի, Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի, Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ:

Յուլիս 19-ին Բիւրականի բանակավայրին մէջ մեկնարկեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին եւ 11-րդ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին եւ ՀՄԸՄ-ի 110 մասնաճիւղերուն անունով քանդակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ» խորագիրով ձեռնարկին մասնակցեցան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան եւ մասնակիցներուն յաջողութիւն մաղթեցին ՀՄԸՄ 11-րդ բանակումի խմբապետուհի Թալին Օրդողլեան, Կոտայքի մարզպետ, ՀՄԸՄ փոխատենապետ Ռոմանոս Պետրոսեան: ՀՅԴ պատգամը փոխանցեց Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան:

Յոբելեանի առթիւ ՀՄԸՄ-ականները շնորհաւորեց եւ բարի գալուստ մաղթեց ՀՄԸՄ կեդրոնական վարչութեան սկաուտական բաժինի պատասխանատու Վաչէ Նաջարեան:

ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան հիւրերուն փոխանցեց յուշանուէրներ:

ՀՄԸՄ-ի 100 ամեակին եւ 11-րդ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումը կը շարունակուին մինչեւ յուլիսի 29: Սկաուտներու օրակարգը 10 օրերուն ընթացքին պիտի ըլլայ յագեցած, պիտի ըլլան զանազան ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ, արշաւ, միջազգային օր, որուն ընթացքին տարբեր երկիրներէ ժամանած սկաուտներ կը ներկայացնեն իրենց երկիրներու մշակոյթը, կերակրատեսակները, երգն ու պարը: Սկաուտները կը բարձրանան նաեւ Արագած լեռը:

Scroll Up