«Ի Դէմս Սփիւռքի Նախարարութեան` Ունինք Լաւ Հնարաւորութիւն Մեր Հայրենակիցներուն Ներգրաւելու Մեր Տնտեսական Ծրագիրներուն ՄԷջ». Վարչապետն Այցելած Է Սփիւռքի Նախարարութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/02/վարչապետ-4.jpg)
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր այցելած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն` ծանօթանալու 2017 թ. գերակայ խնդիրներու կատարման եւ ձեռնարկներու իրականացման արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ 2018 թ. ընելիքներուն:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան զեկուցած է, որ 2017 թ. նախարարութեան առջեւ դրուած է ռազմավարական երեք խնդիր` նպաստել հայապահպանութեան` համագործակցելով Սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ հոգեւոր կառոյցներու հետ, նպաստած հայկական ներուժի յայտնաբերման ու համախմբման` Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական զարգացման նպատակով եւ մշակած հայրենադարձութիւնը խթանող ծրագիրներ: Այս նպատակով աշխատանք իրականացուած է 138 երկրի մէջ գործող համայնքներու հետ, եւ յուշագիրներ ու համաձայնագիրներ կնքուած են 43 համահայկական կազմակերպութեան հետ: Աշխարհի 21 երկրի մէջ ձեւաւորուած են առեւտրային ցանցեր, եւ սփիւռքահայ համայնքներուն մէջ մասնագիտական գործարար կառոյցներու ստեղծումը կը շարունակուի: Հայրենադարձութեան մասով մշակուած է ռազմավարութիւն, ծրագիր, գործողութիւններու ծրագիր եւ օրէնքի նախագիծ:
Սփիւռքի նախարարի խօսքով` կառավարութեան ծրագիրով նախատեսուած 6 գերակայ խնդրի ուղղութեամբ իրականացուած է 26 ծրագիր, որոնց մասնակիցներու թիւը կը հասնի 7000-ի: 2017 թ. շարունակուած են աշխատանքները Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած հայերու ընդելուզման, կեցութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, աշխատանքի տեղաւորման հարցերու լուծման ուղղութեամբ: Կը գործեն միջգերատեսչական յանձնաժողով, աշխատանքային խումբ, արագ արձագանքման խումբ եւ թէժ գիծ: ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հետ կազմակերպուած է 5 գործարաններու բացում, օժանդակութիւն ցուցաբերուած է գործարար ծրագիրներու մշակման:
Հայապահպանութեան եւ սփիւռքի երիտասարդութեան շրջանին մէջ հայերէնի իմացութեան մակարդակի բարձրացման ծրագիրներու ծիրէն ներս 2017 թ. «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացներուն մասնակցած է 266 սփիւռքահայ 30 երկրէ, 2016 թ. համեմատ մասնակիցներու թիւն աւելցած է 100-ով: Սփիւռքի երիտասարդներու «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրն իրականացուած է 9 փուլով, մասնակցած է 1055 սփիւռքահայ երիտասարդ` 36 երկրէ: ԱՄՆ-ի հայկական կրթօճախներուն մէջ Երեւանէն ուղարկուած մասնագէտի ուժերով կազմակերպուած է 27 կրթօճախի 50 ուսուցիչի վերապատրաստման դասընթացք: 37 երկրի աւելի քան 200 Սփիւռքի հայկական կրթօճախի առաքուած են 87 000 կտոր դասագիրք եւ ուսումնաօժանդակ նիւթեր: Նախարարութեան աջակցութեամբ Սփիւռքի մէջ ստեղծուած է 16 նոր մէկօրեայ դպրոց: Իրականացուած են նաեւ տարածաշրջանային կրթամշակութային ծրագիրներ: Նախարարի խօսքով` 2018 թ. գերակայ խնդիրներէն է սփիւռքի մէջ մշակութային կեանքի զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկներու իրականացումը:
Նախարար Յակոբեան զեկուցած է, որ ՀՀ ներդրումային ծրագիրներուն սփիւռքահայերու մասնակցութեան ապահովման գործուն մեքենականութեան ներդրման նպատակով` 2017 թ. ստեղծուած են աշխատանքային խումբ եւ «Մէկ պատուհան» կառուցակարգը, նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ բացուած է «Ներդրումներ Հայաստանի մէջ» բաժին, որուն մէջ ներկայացուած են իրաւական հարցեր, ներդրումային ծրագիրներ եւ այլ տեղեկատուական նիւթեր: Կայքին մէջ տեղադրուած է 180 ներդրումային ծրագիր եւ սփիւռքի գործարարներուն ու հայկական առեւտրաարդիւնաբերական պալատներուն ուղարկուած են գործարար ծրագիրներ եւ տեղեկատուութիւն Հայաստանի մէջ ներդրումներ իրականացնելու հարթակներու մասին: 290 գործարար ներդրում կատարած է Հայաստանի մէջ, մօտ 700-ի հետ նախարարութիւնը կը շարունակէ աշխատանքն այդ ուղղութեամբ: Գործարար ծրագիրներու տարածման եւ ներդրումներու ներգրաւման ուղղութեամբ տեղեկատուութիւնը կը փոխանցուի տեսաժողովներու եւ առցանց քննարկումներու միջոցով: Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքով` սփիւռքահայ գործարարները գոհ են մաքսային համակարգի աշխատանքէն, իսկ խնդիրներու շարքին կը նշեն շինարարական կանոններու կարգաւորումը, դատական համակարգի բարեփոխումը, այլ լեզուներով ՀՀ օրէնսդրութեան թարգմանութիւնը եւ այլն: Կարէն Կարապետեան նշած է, որ կառավարութիւնը բարեփոխումներ կ’իրականացնէ այս ոլորտներուն մէջ եւ համապատասխան յանձնարարականներ տուած է:
Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է հայապահպանութեան, սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի բարձրացման սփիւռքահայ երիտասարդութեան շրջանին մէջ պատմական յիշողութեան ամրապնդման ուղղութիւններով տարուող շարունակական աշխատանքէն եւ յանձնարարած շարունակել աշխոյժ աշխատանքը: Կառավարութեան ղեկավարն անդրադարձած է Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան տնտեսական օրակարգի ձեւաւորման խնդրին` կարեւորելով ներդրումներու ներգրաւման, հայրենադարձութեան խթանման եւ մասնագիտական ներուժի համախմբման ուղղուած ծրագիրները: «Ի դէմս Սփիւռքի նախարարութեան` մենք ունենք լաւ հնարաւորութիւն մեր տնտեսական ծրագրերում ներգրաւելու մեր հայրենակիցներին, քարոզելու այն ձեռքբերումները, որն այսօր ունենք: Մենք ասում ենք, որ Հայաստանը, լինելով փոքր երկիր, լաւ պլատֆորմ է Եւրասիական տնտեսական միութիւն, Եւրոպական միութիւն, իրանական շուկայ մտնելու համար: Այս առումով պէտք է յստակ ձեւակերպուած լինի պետական իւրաքանչիւր օղակի եւ սփիւռքի նախարարութեան միջեւ շփման կանոնակարգը: Երկրորդը հայրենադարձութեան խնդիրն է. սփիւռքահայութեան հայրենադարձութեան առումով սիրիահայերի փորձն ունենք, հիմա պէտք է ձեւակերպենք` ինչպէս ենք ներգրաւելու: Երրորդը մասնագիտական ներուժի համախմբումն է` նպատակ ունենալով սփիւռքի միջոցով աւելացնել արտաքին աշխարհի հետ շփման հնարաւորութիւնները` ժամանակակից քաղաքացի ունենալու համար: 2018 թուականին այս խնդիրների մասով ակնկալում եմ ձեզնից որոշակի գործնական ընկալիչներ», – ըսած է Կարէն Կարապետեան:
Կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարած է յստակ ձեւակերպել եւ ներկայացնել Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան օրինական զարգացման վերաբերեալ առաջարկութիւնները: Վարչապետը կարեւոր համարած է նաեւ սփիւռքահայութեան ներուժի օգտագործումը Հայաստանը` որպէս զբօսաշրջային երկիր ներկայացնելու եւ քարոզելու գործին մէջ, եւ յանձնարարած համատեղ աշխատիլ Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէին հետ: